Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառերուն Վրայ Մեծցող Կարասիներ

November 14, 2026
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կարասիներուն մեծ մասը կը շինուի գործարաններու մէջ: Ծառերը տախտակներու կը վերածուին, եւ ապա այդ տախտակներուն ձեւեր կը տրուին եւ իրարու կը միացուին կազմելու համար աթոռներ, սեղաններ եւ ուրիշ կարասիներ: Սակայն, Անգլիոյ Տէրպիշայր շրջանին մէջ Կաւըն եւ Ալիս Մոնրօ տարբեր մօտեցում մը որդեգրած են, «Ֆուլ Կրոուն» ընկերութեան տէրերը «ծառ ձեւաւորելու» միջոցը կը գործածեն կենդանի ծառերուն վրայ կար

* * *

Գործընթացը կը սկսի փոքրիկ ծառեր տնկելով եւ ձգելով, որ անոնք մեծնան հինգ տարի: Ապա ծառերուն կոճղերը կը կտրուին, որպէսզի նոր ծիլեր արձակուին: Այս նոր ճիւղերը կը ծալլուին յատուկ մետաղեայ կաղապարներու շուրջ, եւ անոնք կը ծռմռեն ստանալու համար աթոռներու, սեղաններու եւ ուրիշ կարասիներու ձեւեր: Այդ ճիւղերը նաեւ կը պատուաստուին, իրարու կը միացուին, մեծնալու ընթացքին ստանալու համար տոկուն կառուցուածք մը: Երբ կտոր մը ամբողջովին կ՛աճի եւ կը կազմուի, ան «կը քաղուի» եւ կը ձգուի, որ չորնայ մօտաւորապէս մէկ տարի: Վերջապէս, ան աւազաթուղթով սահուն կը դարձուի, եւ կ՛ունենանք գործածուելու պատրաստ կարասի մը:

* * *

Ծառերուն վրայ կազմուող կարասիներուն պատրաստութիւնը տարիներ կ՛առնէ, սակայն ան կենսոլորտը կը պահպանէ: Ըստ «Ֆուլ Կրոուն» ընկերութեան, այս գործընթացը կը կարօտի միայն 25 առ հարիւր ուժանիւթի` պարզ գործարանի մը մէջ շինուած աթոռի մը պատրաստութեան գործածուած ուժանիւթէն: Այս «բնական» կարասիներու պատրաստութիւնը պէտք չունի նաեւ ծանր  գործիքներու եւ մեքենաներու, բաւարար են օրուան լոյսը, հողը, ջուր եւ ժամանակ: Մեծ առաւելութիւն մըն ալ այն է, որ «կարասիներու դաշտերը» ապաստարան մըն են թռչուններուն եւ այդ շրջանի վայրի բնութեան:

* * *

Ծառերուն ձեւ տալը նոր գաղափար մը չէ: Հին յոյները, հին եգիպտացիները եւ չինացիները նոյնանման ձեւեր գործածած են ստեղծելու համար գործնական եւ զարդի համար կառուցուածքներ: Սակայն, Մոնթ զոյգը, որ իր «Ֆուլ Կրոուն» հաստատութիւնը հիմնած է 2006 թուականի այս գաղափարը դէպի նոր ուղղութիւն մը տարած է այս թեքնիքը գործածելով աւելի մեծ քանակով գործնական կարասիներ շինելու:

Եւ անշուշտ, «Ֆուլ Կրոուս»-ի արտասովոր կարասիները մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած են աշխարհին շուրջ: Եւ որովետեւ իւրաքանչիւր կտոր իւրայատուկ է, այս կարասիները կը համարուին իսկական արուեստի գործեր: Այս ձեւով, անոնք ցուցադրուած են թանգարաններու եւ ցուցահանդէսներու մէջ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Բազմաթիւ թանգարաններ այդ կարասիներէն գնած են, զանոնք ցուցադրելու համար իրենց մնայուն ցուցահանդէսներուն մէջ:

Կաւըն եւ Ալիս կը յուսան հետագային իրենց գիտութիւնը հասցնել մեծ թիւով սիրողականներու` հիմնելով «Ֆուլ Կրոուն Աքատեմի»-ն` ներշնչելու նոր սերունդները, ստեղծելու կենսոլորտը յարգող եւ երկար ժամանակ գործածուող կարասիներ:

Գիտէի՞ր, Թէ

– Լէոնարտօ Տա Վինչի հնարած է նկարչութեան թեքնիք մը, որուն անունը սֆումաթօ է: Ան այս միջոցը գործածած է Մոնա Լիզան ներկելու ընթացքին, գոյները մեղմօրէն իրարու մէջ խառնելով, ո՛չ մէկ բացայայտ գիծեր ծգելով:

– Սկիզբը մեր արեւային դրութեան մէջ գոյութիւն ունէին 9 մոլորակներ: Սակայն մանրակրկիտ հաշիւներէ ետք, Պղատոն` ամէնէն փոքր մոլորակը այս ցանկէն դուրս ձգուեցաւ: Հետեւաբար այժմ մեր արեւային դրութեան ամէնէն փոքր մոլորակը Փայլածուն է:

– Մանտրէն չինարէն լեզուն աշխարհի մէջ ամէնէն շատ խօսուած առաջին լեզուն է, եւ ան բազմաթիւ երկիրներու պաշտօնական լեզուն է, ինչպէս` Չինաստան, Թայուան եւ Սինկափուր:

– Ճափոնական նշանաւոր միսօ ապուրին գլխաւոր բաղադրութիւնը միսօ խմորն է, որ կը պատրաստուի մեծ քանակով փրոթէին պարունակող բաղադրիչներով, տարբեր կենսանիւթերով ու հանքային նիւթերով հարուստ խմորուած սոյայի չոր հատիկներով:

– Գիտէի՞ր, թէ հին սումերցիները, որոնք կ՛ապրէին ներկայի Իրաքի շրջաններուն մէջ, հնարած են անիւը:

– Հին յունական աւանդութեան մէջ Պոսիտոնը ծովու, երկրաշարժներու եւ ձիերու աստուածն էր:

– Համակարգիչի գիտութեան մէջ HTML կը նշանակէ Հայփըր-Թէքսթ-Մարք-ափ Լանկուէճ:

– Ամպերը ճերմակ կ՛երեւին, որովհետեւ անոնք կ՛արտացոլացնեն իրենց վրայէն եկած արեւուն լոյսը:

– Մենք կրնանք հանդիպիլ մեղուներու բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, բացի Անթարքթիքայի մէջ:

– Միջատները երկրագունդին վրայ կը գտնուին 350 միլիոն տարիներէ ի վեր, մինչ մարդ արարածը յայտնուած է միայն 300 հազար տարիներ առաջ:

– Գիտէի՞ր, թէ կապիկներն ալ, մարդոց պէս, կրնան ճաղատ դառնալ:

– Խոզերուն համար անկարելի է գլուխնին դէպի վեր դարձնել եւ երկինք նայիլ:

– Կատուներուն ոսկորներուն գրեթէ 10 առ հարիւրը կը գտնուի անոնց պոչին մէջ: Այս ձեւով, 230 ոսկորներէն 23-ը կը գտնուի պոչին մէջ:

– Աղուէսները իրենց պոչը կը գործածեն իրարու հետ հաղորդակցելու համար:

– Շուները մարդոցմէ 10 անգամ աւելի լաւ լսողութիւն եւ 100 հազար աւելի լաւ հոտառութիւն ունին:

– Խխունջները ունին մօտաւորապէս 1400 ակռաներ:

– Դլփինները իրենց ակռաները չեն գործածեր ծամելու համար, այլ պարզապէս իրենց որսը բռնելու եւ խածնելու:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:
Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արմենակը

RelatedPosts

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Տիուալի, Լոյսերու Փառատօնը

November 7, 2026
Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը
Մանկապատանեկան

Հալոուինի Սովորութեան Ծագումը

October 31, 2026
Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.