Չլուծուած մարդասիրական հարցերը պէտք է քննարկուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթի ծիրին մէջ: Գերիներու հարցի լուծումը նախապայման է: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին առեւտուրի եւ ներդրումային գրաւչութեան հարցերով լիազօր-նախարար Նիքոլա Ֆորիսիէ` պատասխանելով Ֆրանսայի Ծերակոյտի անդամ Մարի-Արլեթ Քարլոթթիի` Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ պատանդներու մասին հարցումին:
Մարսէյէն ընտրուած ծերակուտական Քարլոթիի հարցումը վերաբերած է բռնի տեղահանուած արցախցիներուն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուող աջակցութեան եւ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայերու ճակատագիրին:
«Չլուծուած մարդասիրական հարցերը պէտք է քննարկուին երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրին մէջ: Մենք ողջունած ենք այս տարուան 14 յունուարին չորս գերիներու Հայաստան վերադարձը եւ կոչ կ՛ուղղենք ազատ արձակելու կամայականօրէն կալանաւորուած բոլոր անձերը: Յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ արձանագրուած յառաջընթացը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման կարելիութիւն կը ստեղծէ: Մենք կը խրախուսենք երկու կողմերը կատարելու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները: Գերիներու հարցի լուծումը նախապայման է», յայտարարած է նախարար Ֆորիսիէ:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ֆրանսան յստակ կերպով դատապարտած է Արցախի մէջ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնը եւ ափսոսանք յայտնած շրջանի հայ բնակչութեան գրեթէ ամբողջական հեռանալուն նկատմամբ:
«Մենք տեղահանուածներու ընդունման հարցին մէջ մեծագոյն մարդասիրական աջակցութիւնը ցուցաբերած ենք: Յատկացուող միջոցները պիտի յարմարցուին գոյութիւն ունեցող կարիքներուն` մարդասիրական եւ արդիւնաւէտ աջակցութիւն ապահովելու նպատակով: Ֆրանսան կարեւոր կը նկատէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի` 17 նոյեմբեր 2023-ին սահմանուած ժամանակաւոր միջոցներու կատարումը: Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն իրենց բնակութեան վայրեր վերադառնալ, պէտք է կարելիութիւն ունենան այդ մէկը ազատ եւ անվտանգ պայմաններու մէջ կատարելու», աւելցուցած է նախարարը:


