Երեւան շատ բան պիտի կորսնցնէ, եթէ որոշէ դուրս գալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ): ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ:
«Հետագային ատիկա Հայաստանի իրաւունքն է` ՀԱՊԿ-ին իր անդամակցութիւնը պահպանե՞լ, թէ՞ ոչ: Կը կարծեմ, որ հակառակ պարագային Հայաստան շատ բան պիտի կորսնցնէ», ընդգծած է ան Վիեթնամ կատարած այցելութեան նուիրուած լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
«Հայաստանի ՀԱՊԿ-էն դժգոհութիւնները անհիմն են եւ Ղարաբաղի համար պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ ու այդ կազմակերպութեան վրայ բարդելու փորձ են», յայտարարեց Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահը:
«Ինծի կը թուի, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ վերջին պատերազմի ընթացքին ՀԱՊԿ-ի նկատմամբ նման անհիմն դժգոհութիւնը, իմ կարծիքովս, Ղարաբաղի համար պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ եւ ՀԱՊԿ-ի վրայ բարդելու փորձ է: ՀԱՊԿ-ն այդ պայմաններուն մէջ գործած է` կրկին կ՛ընդգծեմ, խստօրէն համաձայն իր կանոնադրական փաստաթուղթերուն», Հանոյի մէջ լրագրողներուն ըսած է ան:
«Ինչ կը վերաբերի Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) կայունութեան, անկախ անկէ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները ինչպիսի՛ որոշում պիտի տան, ատիկա որեւէ ձեւով պիտի չազդէ միաւորման կայունութեան վրայ: Անիկա ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը, անիկա ապացուցած է իր փոխշահաւէտութիւնը: Այլ պետութիւններու ԵԱՏՄ-ի հետ համագործակցութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մեծապէս կ՛աճի», ըսած է Մաթվիենքօ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստան 11 նոյեմբերին Մոսկուայի մէջ կայացած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին զրկուեցաւ կազմակերպութեան մէջ քուէի իրաւունքէն` երկու տարիէ աւելի անդամավճարները չվճարելուն պատճառով:


