Միացեալ Նահանգները չեն կրնար Ռուսիոյ դէմ եւրոպական պատժամիջոցներու վերացման շուրջ բանակցութիւններ վարել: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս:
Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւններու ընթացքին եւրոպական շահերը եւս վտանգուած են, ուստի Միացեալ Նահանգները չեն կրնար Մոսկուայի հետ քննարկել Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու վերացումը կամ ռուսական հաշիւներու ապասառեցումը:
«Բանակցութիւններուն հիմամբ Ռուսիան կ՛ուզէ հասնիլ պատժամիջոցներու վերացման եւ սառեցուած հաշիւներու ապասառեցման: Անոնք եւրոպական որոշումներ են, զորս ոչ ոք կրնայ ընդունիլ, բացի մեզմէ:
«Ի հարկէ, Ռուսիան չ՛ուզեր բանակցիլ եւրոպացիներու հետ, որովհետեւ ամերիկացիներուն հետ խօսիլը աւելի դիւրին է: Սակայն այս հարցերը մեր իրաւասութեան կը վերաբերին, եւ Ամերիկան չի կրնար մեր փոխարէն բանակցիլ», նշած է Քալլաս:
Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարած է. «Այս պատերազմը առանց Եւրոպայի մասնակցութեան աւարտելը անարդար պիտի ըլլայ, եւ անկեղծօրէն` անկարելի:


