Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 13, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ իր երէկուան նիստի ընթացքին վաւերացուց Թուրքիոյ եւ Լիբանանի միջեւ ելեւմտական եւ զինուորական հարցերու մէջ գործակցութեան համաձայնութիւն կնքելու օրինագիծն ու ելեւմտական աջակցութեան գործադրութեան ծրագիրի արձանագրութիւնը:

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Ուալց երկուշաբթի օր պիտի այցելէ Պէյրութ եւ առաւօտեան հանդիպում պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «գոյութիւն ունի ամերիկեան ուղղուածութիւն մը` հրաժարելու հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-էն եւ զայն փոխարինելու ստուգման յանձնախումբով մը, եւ շրջագծային համաձայնութիւնը որդեգրելու` իբրեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը փոխարինող, եւ ասիկա ընդունելի առաջարկ մըն է, եւ Լիբանան զայն չի մերժեր»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Լեպանոն Ֆայլզ»-ին. «Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները չեն աւարտած, այլ մուտք գործած են քաղաքական ու ապահովական վերադասաւորման փուլ: Հոլովոյթի ապագան կախեալ է անկէ, թէ արդեօք Թել Աւիւ պատրա՞ստ է նախապայմաններ առաջադրելէն անցնելու գործնական քայլերու, որոնք պիտի հարթեն կենսունակ ապահովական համաձայնագիրի ճամբան»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ախպար» օրաթերթին. «Փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ամիսներ առաջ նախաձեռնած է Պիլալ Էրտողանը հրաւիրելուն` իբրեւ թուրք-լիբանանեան յարաբերութիւններուն կառավարական հաղորդակցութիւններէն անդին անցնող հարթութիւն ստեղծելու քայլի մէկ մաս»:

. ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Չենք բացառեր, որ շրջանը մօտ օրէն ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններուն դրական արդիւնքները եւ այդ բանակցութիւններուն դէպի պատերազմի դադրեցում ուղղուիլը տեսնէ, հակառակ սեղանը շրջելու համար Պենիամին Նեթանիահուի կողմէ արկածախնդրութեան մը նկատմամբ շարունակուող մտավախութիւններուն»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Յայտնի դարձաւ, որ ապահովական պաշտօնատարի մը եւրոպացի դեսպանի մը հետ հանդիպումը միայն ապահովական զարգացումներով սահմանափակուած չէր, այլ ուղղակի կերպով անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ օտար առաքելութեան մը աւարտին յաջորդող փուլին համար պահանջուող պատրաստութիւններուն»:

. ՊԱԱՊՏԱՅԻ պալատէն շրջանակներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Նախագահական պալատին դռները բաց են բոլոր ուժերուն դիմաց, եւ երկխօսութիւնը նախապայմաններ կամ կառավարութեան որոշումներէն ետդարձ չի պահանջեր` պայմանով, որ քննարկումը մնայ լիբանանեան եւ տարբեր առաջարկներ ներառէ»:

. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԷՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին. «Պաապտայի պալատին եւ Հարեթ Հրէյքի միջեւ հաղորդակցութիւնը վերականգնելու համար ոչինչ փոխուած է` հաշուի առնելով այն, ինչ որ Հըզպալլան կը նկատէ իշխանութիւններու յամառիլը կառչած մնալու այն ուղիին, որ միայն յաւելեալ աւեր ու բռնագրաւում բերած է»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շիի երկեակը խիստ վրդովմունքով իմացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի հիւպատոս Իպրահիմ Շարարայի պաշտօնէն հեռացումը: Շիի երկեակին մէջ շրջանակներ այն մտավախութիւնը ունին, որ այս քայլը պատճառ դառնայ, որ շիի համայնքը հիւպատոսական այդ դիրքը կորսնցնէ»:

. «ՄՈՒՏՈՒՆ». «Հըզպալլայէն պաշտօնատարներ վերջերս հանդիպում ունեցան միջազգային պատուիրակներու եւ արաբ ու օտար դեսպաններու հետ: Եգիպտոսի դեսպանը ծանօթացման նիստի մը ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Հըզպալլայէն պատուիրակութեան մը հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ միջազգային պատուիրակի մը հետ` քննարկելու համար հարաւային Լիբանանի կացութիւնն ու ՖԻՆԻՒԼ-ի այլընտրանքը»:

. ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նահար» օրաթերթին. «Մինչեւ հիմա չենք կրնար վճռել, թէ իրաքցի նախկին երեսփոխան Ալուանիի սպանութեան պատճառը քաղաքակա՞ն, դրամակա՞ն, ապահովակա՞ն, թէ՞ այլ պատճառներով է: Հարցը տակաւին բաց հետաքննութեան ենթակայ է»:

. ԻՐԱՔԵԱՆ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Իրաքեան կողմեր կը ջանան խոչընդոտել հետաքննութեան աւարտէն ետք նախկին երեսփոխան տոքթ. Ահմետ Ալուանիի դիակի Իրաք վերադարձը` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ անոր յուղարկաւորութիւնը իրաքեան սիւննի հասարակութեան մէջ լայնածաւալ բողոքի ցոյցեր խթանէ»:

. ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ արդարադատութեան աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Մինչեւ երէկ Ժրուտ Պաթրուն-Պշարէի մէջ ձերբակալուած հինգ երիտասարդները չընդունեցին Հըզպալլայի հետ կազմակերպական կապ ունենալը եւ կուսակցական կողմի մը համար առաքելութիւն ստանձնած ըլլալը, սակայն հինգն ալ շիի համայնքին կը պատկանին, եւ անոնցմէ չորսը հարաւային Լիբանանէն: Անոնց հարցաքննութիւնը կը շարունակուի»:

. «ԱՍԱՍ». «Վարչապետ Սալամ տեղեակ պահուեցաւ ընթացող հետաքննութիւններէն, ինչ որ զինք մղեց իր դիրքորոշման նշաձողը բարձրացնելու եւ անուղղակի կերպով ակնարկելու, թէ հինգ կալանաւորուածները Հըզպալլայի անդամ են»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նահար» օրաթերթին. «Սապրայի մէջ գտնուող պահեստանոցի մը մէջ մեծաթիւ գողցուած մոթորսիքլեթներ յայտնաբերուեցան, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչի առեւտուր կատարողներ, զէնքեր եւ թմրեցուցիչներ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Ապու Տապին չի բաւարարուիր վերջերս Լիբանան այցելած գործարարներու մեծ պատուիրակութեամբ, այլ կը պատրաստուի այս տարեվերջէն առաջ վերադառնալ գործարարներ ներառող տնտեսական պատուիրակութեամբ մը, մինչ թուայնացման եւ արհեստական բանականութեան ոլորտներուն մէջ նախաձեռնութիւններու կողքին նաւահանգիստներու եւ կառոյցներու նկատմամբ . «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Նուազագոյն աշխատավարձը 1000 տոլարէն վեր բարձրացնելու կոչերը կը բախին տնտեսական դաժան իրականութեան, որ նման բարձրացման իրականացումը կը դարձնէ հաստատութիւններուն համար մարտահրաւէրի: Աշխատաւորներու աշխատավարձերու բարելաւման եւ հաստատութիւններու փակման ու աշխատատեղերու հետագայ կորուստի վախի լոյսին տակ հարց կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է աշխատավարձերու բարձրացման հասնիլ առանց յաւելեալ տնտեսական հետեւանքներու»:

Նախորդը

RelatedPosts

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին  Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզայի. «Լիբանանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալը Մեր Հիմնական Պայմաններէն Մէկն Է»

November 12, 2026
Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար  «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի
Լիբանանեան

Պարրօ Եօթներու Խմբակին Մէջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Բացէն Խուսափելու Համար «Համաձայնութեան» Մասին Կը Խօսի

November 12, 2026
Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը  Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ
Լիբանանեան

Իրաքցի Նախկին Երեսփոխան Մը Թարիք Ժտիտէի Մէջ Սպաննուած Գտնուեցաւ

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.