Ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆն ու Ճարետ Քուշները երէկ այցելեցին Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Փութին հանդիպումի ընթացքին իր հիւրերէն խնդրեց իր կողմէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին շնորհակալութիւն յայտնել Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հաղորդակցութիւնները կազմակերպելուն համար:
Ուիթքոֆ աւարտին յայտնեց. «Համաձայնութիւն գոյացաւ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցութիւններու երրորդ փուլի շուրջ»:
Ան նաեւ յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»:
Ուիթքոֆ նաեւ աւելցուց. «Եւրոպացիները պիտի մասնակցին Ուքրանիոյ վերաբերեալ յառաջիկայ բանակցութիւններուն»:


