Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած բովանդակային եւ ոճային հակասութիւնները անպայման պէտք չէ մեկնաբանել ներիրանեան տարբերութիւններով: Խորհրդականը կը խօսէր կարմիր գիծերու մասին, բուռն կերպով կը դատապարտէր Փաշինեանի իշխանութիւնը, սահմանած գիծերը անցնողներուն ոտքերը կոտրել կը խոստանար եւ սպառնական բովանդակութիւն կը հաղորդէր իր յայտարարութիւններուն: Մինչդեռ փոխնախագահը, համագործակցութեան շեշտը դնելով, կը խօսէր ապագայ ծրագիրներուն եւ Հայաստանին կազ մատակարարելու պատրաստակամութեան մասին:
Երկու պարագաներուն ալ, սակայն, կար յստակ ուղերձ Մոսկուային: Վելայաթին կ՛ըսէր, որ Իրանը առկայ է այս տարածաշրջանին մէջ, նոյնիսկ եթէ ռուսերը հեռանան այնտեղէն, մինչդեռ Փուրմոհամետին կազ մատակարարելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէր, եթէ ռուսերը կազ չտային Հայաստանին:
Մոսկուային ուղղուած այս ուղերձները այստեղ իրար լրացնող են թէ՛ անվտանգային եւ թէ՛ տնտեսական առումներով: Մակերեսային ընթերցումը այս յայտարարութիւններուն կը համոզէ, որ ռուսերուն պարտադրուող հեռացման եւ ապաշրջափակման ծրագիրներէն դուրս մղելու պարագային Իրանը պատրաստ է լրացնելու այդ բացը: Այս ուղերձները յղուած են թէ՛ սպառնական եւ թէ՛ համագործակցական ոճով:
Ռուսիոյ դերակատարութիւնը իրանականով փոխարինելու այս սպառնական-գործակցային պատգամը ուղղուած է հիմնականին մէջ Անգարային, որ կը պատրաստուի ենթադրեալ այդ բացը լրացնելու: Իրանը այստեղ երկու հաշուարկ անպայման կատարած կ՛ըլլայ: ԹՐԻՓՓ-ով Անգարան հիմնովին պիտի նպաստաւորուի, որքան ալ ամերիկեան ընկերութիւններուն պատկանին այդ գործառոյթները: Միացեալ Նահանգներու հետ համաձայնութեան գալու պարագային, Իրան պիտի ապաշրջափակուի նաեւ այդ տարածքներով, ուր ռուսերուն փոխարէն ամերիկեան վերահսկողութիւն պիտի հաստատուի:
Հանգոյցը ուրեմն դարձեալ ԹՐԻՓՓ-ն է, որուն մասին Իրանի փոխնախագահը կը վերահաստատէ իր պետութեան դիրքորոշումը: Նախընտրելով «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ձեւակերպումը` Իրանի փոխնախագահը յայտնած է, որ իր երկիրը մնայուն կերպով շեշտած է երկու կարեւոր կէտ. ասոնցմէ առաջինը այն է, որ շրջանի անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը պէտք է ապահովուին եւ պահպանուին շրջանի երկիրներուն միջոցով: Իսկ երկրորդը, որ Իրան ընդառաջ պիտի երթայ որեւէ քայլի, որ պիտի աջակցի շրջանի երկիրներու խաղաղութիւնը ապահովելուն: Եւ, բնականաբար, դէմ պիտի ըլլայ որեւէ քայլի, որ պիտի խոչընդոտէ անվտանգութիւնը:
Այսքան պարզ. Իրանը չի կրնար շրջանցուիլ նոր հաղորդուղիներու նախագիծի գործադրութենէն: Առանց «3+3» ձեւակերպումը օգտագործելու, Իրան կը խօսի տարածաշրջանի երկիրներու մասնակցութեան մասին: Այլ խօսքով, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ. եթէ Ռուսիան գործարքային ընկալումով թէ պարտադրաբար դուրս մնայ Հարաւային Կովկասի նոր գործընթացներէն, ապա Իրան մտադիր է այդ գործառոյթները իրականացնելու: Բայց այսպիսով նաեւ Թուրքիոյ չարտօնելու, որ ռուսական դերը վերցնէ: «3+3»-ին պարզապէս յղում ընելով` Իրան իր ներգրաւուածութիւնը չզիջելով, բազմակողմ ուղերձներ կը յղէ թէ՛ սպառնական եւ թէ՛ գործակցային ոճով:
Իսկ կազ մատակարարելու պատրաստակամութիւնը կարելի է ընկալել նաեւ այս շրջածիրին մէջ: Ի վերջոյ, ԹՐԻՓՓ-եան հաղորդուղիները միայն ապրանքաշրջանառութեան չեն վերաբերիր, այլ հիմնականին մէջ` ուժանիւթային արտահանումներու: Ոչ միայն Հայաստանին, այլ նաեւ Հայաստանի ճամբով դէպի Արեւմուտք` աւելի հեռահար կտրուածքով:
«Ա.»


