Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Արեւմտեան Քանատայի համալսարանը վերջերս հրապարակեց Արհեստական բանականութիւնը (ԱԲ) ուսումնական ծրագիրներու մէջ ներառելու առաւելութիւններու եւ անպատեհութիւններու մասին ուսումնասիրութիւն մը, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Կրթական կազմակերպութիւններու շուրջ 86 առ հարիւրը այժմ կրթութեան մէջ կը գործածէ Արհեստական բանականութեան (ԱԲ) որեւէ ձեւ, եւ կարծիքները բաժնուած են այն հարցի շուրջը, թէ արդեօք այդ լա՞ւ բան մըն է ուսանողներուն համար:
Քանի որ ԱԲ-ն աւելի տարածուած կը դառնայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ, անոր ազդեցութիւնը կրթութեան վրայ կը պահանջէ ե՛ւ ոգեւորութիւն, ե՛ւ զգուշութիւն:
Կողմնակիցները այն կարծիքին են, որ ԱԲ-ն մեծ կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ անհատականացած ուսուցման համար` դիւրացնելով վարչական աշխատանքը եւ առաջարկելով նոր եղանակներ: Սակայն, տակաւին կան մտահոգութիւններ գաղտնիութեան, արդարութեան եւ աւանդական ուսուցչական աշխատանքը փոխարինելու կարելիութեան վերաբերեալ:
Թուային կրթութեան խորհուրդի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ ուսանողներու 86 առ հարիւրը կը խոստովանի, թէ իր ուսման մեջ կ՛օգտագործէ Արհեստական բանականութիւն: Աւելի՛ն. 24 առ հարիւրը այդ կ՛օգտագործէ ամէն օր, 54 առ հարիւրը` շաբաթական:
Ի՞նչ է Արհեստական բանականութիւնը կրթութեան մէջ
ԱԲ-ն կրթութեան մէջ կը վերաբերի համակարգչային համակարգերու գործածութեան, անոնք կը կարողանան կատարել մարդկային բանականութիւն պահանջող առաջադրանքներ` ուսումնական փորձը բարելաւելու, վարչական հոլովոյթները դիւրացնելու եւ ուսուցիչներուն աջակցելու:
ԱԲ-ի արհեստագիտութիւնները կը ներառեն մեքենայական ուսուցում, բնական լեզուի մշակում եւ մարդամեքենայի շինութիւն, որոնք կը կարողանան անհատականացնել ուսուցումը` բովանդակութիւնն ու կշռոյթը յարմարեցնելով ուսանողներու անհատական կարիքներուն: Այս մօտեցումը կ՛օգնէ լուծելու ուսուցման բազմազան ոճեր եւ ձեւեր` երաշխաւորելով, որ իւրաքանչիւր ուսանող ստանայ յաջողութեան հասնելու անհրաժեշտ ուշադրութիւնն ու միջոցները:
Անհատականացուած ուսուցումէն բացի, ԱԲ-ն ուսուցիչներուն կ՛օգնէ ինքնակառավարուող դարձնելով վարչական առաջադրանքները, որոնց յատկացուող ժամանակը կրճատելով, ուսուցիչները աւելի շատ կը կեդրոնանան ուսուցման եւ աշակերտներու մասնակցութեան վրայ:
ԱԲ-ով աշխատող գործիքները պատկերացում կու տան աշակերտներու յառաջադիմութեան մասին, կարելիութիւն ընձեռելով կանուխ միջամտել անոնց, որոնք դժուարութիւններ կ՛ունենան եւ ճանչնալով անոնք, որոնք գերազանց են: Այս տուեալներու վրայ հիմնուած մօտեցումը թոյլ կու տայ աւելի տեղեկացուած որոշումներ տալու եւ աջակցութիւն ցուցաբերելու աշակերտներուն:
ԱԲ-ն կրթութեան մէջ կը նպաստէ նորարարական ուսուցման մեթոտներուն եւ իրարու ազդող ուսուցման միջավայրերուն: Քանի որ ԱԲ-ն կը շարունակէ զարգանալ, կրթութիւնը վերափոխելու անոր ներուժը աւելի մատչելի, արդիւնաւէտ եւ ակներեւ կը դառնայ: Մասամբ այս աճող ազդեցութեան պատճառով է, որ ԱԲ-ի կարեւորութիւնը կրթութեան մէջ դարձած է այդքան շատ քննարկուող բնաբան պատասխանատուներու, ծնողներու եւ քաղաքականութիւն մշակողներու շրջանակին մէջ:
Արհեստական բանականութեան դերը կրթութեան մէջ
ԱԲ-ի դերը կրթութեան մէջ արագ կը փոխակերպէ ուսանողներու ուսուցման եւ ուսուցիչներու դասաւանդման ձեւը: ԱԲ-ի վրայ հիմնուած խելացի դասաւանդման համակարգերը, ինքնագործ գնահատումը եւ վըրչուըլ օգնականները կը բարձրացնեն դասաւանդման արդիւնաւէտութիւնը եւ ուսանողներու մասնակցութիւնը:
Ուսուցման օրինաչափութիւնները վերլուծելով, ԱԲ-ն կ՛օգնէ կանուխ փուլի յայտնաբերելու դժուարութիւններ ունեցող ուսանողները` ժամանակին միջամտութիւն եւ աջակցութիւն կատարելու:
ԱԲ-ի դերակատարութեան կարեւոր այլ կողմը կրթութեան մէջ մատչելիութիւնն ու ներառականութիւնը բարելաւելու անոր կարողութիւնն է:
ԱԲ-ի վրայ հիմնուած հարթակները կը կատարեն անմիջական թարգմանութիւններ, խօսքը գրութեան վերածելու կարելիութիւններ եւ յարմարող ուսումնական նիւթեր` հաշմանդամութիւն ունեցող ուսանողներու համար:
Աւելի՛ն. ուսուցիչները, դասախօսները կ՛օգտուին Արհեստական բանականութենէն` տուեալներու վրայ հիմնուած պատկերացումներ ստանալով ուսումնական ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան եւ ուսանողներու յառաջադիմութեան վերաբերեալ:
Նկատի առնելով, որ արհեստագիտութիւնը կը շարունակէ զարգանալ, ԱԲ-ն ունի ամբողջ աշխարհի մէջ աւելի արդար եւ արդիւնաւէտ կրթական միջավայրեր ստեղծելու ներուժ: Այս կը պատասխանէ այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ԱԲ-ն լաւ է կրթութեան համար. արդարեւ անիկա կը հասնի այն ուսանողներուն, որոնք աւանդական, բոլորին համապատասխանող ուսուցման մեթոտներով յաճախ կը մնան անցեալին մէջ:
Արհեստական բանականութեան առաւելութիւնները կրթութեան մէջ
ԱԲ-ն յեղափոխութիւն կը մտցնէ տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կրթութիւնն ալ բացառութիւն չէ:
ԱԲ-ի համարկումը կրթութեան մէջ առաջնորդած է զգալի փոփոխութիւններու, որոնք կը բարելաւեն ուսումնական փորձը, կը դիւրացնեն վարչական աշխատանքը եւ տարբեր ձեւերով կ՛աջակցին ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն:
ԱԲ-ի առաւելութիւններու ըմբռնումը կրթութեան մէջ, յատկապէս ուսանողներու վերաբերող եւ ոչ միայն հաստատութիւններու համար, կ՛օգնէ բացատրելու, որ ինչո՛ւ ներդրումը այդքան արագ տեղի ունեցած է:
Անհատականացուած ուսուցում
ԱԲ-ն կարելիութիւն կու տայ անհատականացած ուսուցում իրականացնել` յարմարեցնելով կրթական բովանդակութիւնը իւրաքանչիւր ուսանողի իւրայատուկ կարիքներուն: Պատշաճեցուող ուսուցման արհեստագիտութիւններու միջոցով ԱԲ-ն կը վերլուծէ ուսանողին ուժեղ եւ թոյլ կողմերը, ուսուցման ընթացքը եւ նախասիրութիւնները: Այս տուեալներուն շնորհիւ ԱԲ-ն համակարգերուն կը տրամադրէ անհատականացած դասընթացքներ եւ միջոցներ` երաշխաւորելով, որ ուսանողները ստանան այնպիսի ուսում, որ լաւագոյնս կը համապատասխանէ իրենց անհատական ոճերուն: Այս ձեւով ուսանողները կը յառաջադիմեն իրենց սեփական կշռոյթով, որ կը նպաստէ նիւթի ըմբռնման եւ յիշողութեան բարելաւման:
Ընկղմող ուսուցման փորձառութիւններ
ԱԲ-ն կրնայ ստեղծել ուսուցման այնպիսի փորձառութիւններ, որոնք ուսանողներուն համար աւանդական մեթոտներէն շատ աւելի գրաւիչ են:
ԱԲ-ով աշխատող վըրչուըլ իրականութեան (VR) եւ լրացուած իրականութեան (AR) նման արհեստագիտութիւնները կրնան ձեւաւորել իրական աշխարհի երեւոյթներ եւ բարդ հասկացութիւններ` ուսուցումը դարձնելով աւելի ազդեցիկ եւ հաճելի:
Օրինակ, ուսանողները կրնան ուսումնասիրել պատմական վայրեր, կայացնել վըրչուըլ գիտական փորձեր կամ կատարելագործել լեզուական հմտութիւնները ԱԲ-ի միջոցով, ապահովելով գործնական ուսուցման փորձ, որ կը բարելաւէ ըմբռնումն ու յիշողութիւնը:
Ուսանողներու ներգրաւուածութեան բարելաւում
ԱԲ-ն, որ կը ստեղծէ ուսուցման գրաւիչ փորձառութիւններ, ուսանողներու նոր եռանդ կու տայ` ուսուցումը դարձնելով աւելի ազդեցիկ:
ԱԲ-ով յագեցած խաղային ուսուցման հարթակները կը ներառեն խաղի տարրեր, ինչպիսիք են` պարգեւատրումները, մարտահրաւէրները եւ վարկանշային աղիւսակները, ուսուցումը դարձնելով զուարճալի եւ մրցունակ: Բացի ատկէ, ԱԲ-ն կ՛ապահովէ ակնթարթային յետադարձ կապ եւ աջակցութիւն, օգնելով ուսանողներուն մնալու հետաքրքրուած եւ կեդրոնացած իրենց ուսումնական նպատակներու վրայ:
Անհատական կարիքները նկատի առնելով եւ շատ արագ օգնութիւն առաջարկելով, ԱԲ-ն կը պահպանէ ուսանողներու հետաքրքրութիւնը եւ կը խրախուսէ գործուն մասնակցութիւնը:
Արդիւնաւէտ ուսուցում
ԱԲ-ն կրթութիւնը նուազ ծախսալի եւ աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ` ապահովելով ուսումնական այլազան լուծումներ:
Բազմաթիւ համալսարաններ այժմ կը գործածեն ԱԲ-ի չաթբոտներ` մուտքի քննութեան արձանագրութեան տարածուած հարցումներուն պատասխանելու համար` բարձրացնելով մատչելիութիւնը եւ գումար խնայելով այն առաջադրանքներուն վրայ, որոնք այլապէս կը պահանջէին նուիրուած անձնակազմ:
Համակարգուած ուսուցում եւ մտային դասաւանդման համակարգ
ԱԲ-ի վրայ հիմնուած մտային դասաւանդման համակարգերը ուսանողներուն կ՛առաջարկեն անհատականացած ուղղորդում եւ աջակցութիւն` ընդօրինակելով անհատական դասաւանդութիւնը: Այս համակարգերը կը գործածեն տուեալներու վերլուծում, անհատի ուսուցման յառաջընթացը հասկնալու եւ նպատակային յետադարձ կապ ու առաջարկներ տրամադրելու համար: Անոնք կը բացայայտեն գիտելիքներու բացերը, կ՛առաջարկեն համապատասխան միջոցներ եւ կը յարմարեցնեն առաջադրանքներու դժուարութեան մակարդակը` համապատասխանեցնելով ուսանողի կարողութիւններուն: Առաջարկելով անհատականացած աջակցութիւն եւ շարունակական գնահատում, ԱԲ-ն կ՛օգնէ ուսանողներուն աւելի արդիւնաւէտօրէն հասնելու իրենց ուսումնական նպատակներուն:
Երկարատեւ հեռանկարի մէջ շարունակական գնահատում եւ կատարելագործում
ԱԲ-ն կը նպաստէ շարունակական գնահատման եւ կատարելագործման` անմիջապէս տրամադրելով ուսանողներու յառաջադիմութեան արդիւնքներու վերաբերեալ պատկերացումներ: Տուեալներու վերլուծման միջոցով Արհեստական բանականութիւնը կը հետեւի ուսանողներու յառաջընթացին, կը բացայայտէ միտումները եւ կ՛ընդգծէ բարելաւման կարիք ունեցող ոլորտները:
Ուսուցիչները կրնան գործածել այս տեղեկատուութիւնը` կատարելագործելու ուսուցման ռազմավարութիւնները, մշակելու անհատականացած միջամտութիւններ եւ ապահովելու, որ ուսանելու նպատակները իրագործուին: Շարունակական գնահատումը կարելիութիւն կու տայ կիրարկել կրթութեան նկատմամբ նախաձեռնողական մօտեցում, կարելի դարձնելով արագ կատարել ճշգրտումներ` ուսումնառութեան փորձառութիւնը եւ արդիւնքը բարելաւելու:
Ակադեմական չափանիշներու եւ ուսման որակի բարձրացում
ԱԲ-ի համարկումը կրթութեան մէջ ունի ակադեմական չափանիշները բարձրացնելու եւ կրթութեան ընդհանուր որակը բարելաւելու ներուժ:
ԱԲ-ն կ՛օգնէ ապահովելու գնահատման հետեւողականութիւնն ու ճշգրտութիւնը, բարձրորակ միջոցներու մատչելիութիւն եւ կ՛աջակցի ուսուցիչներուն` արդիւնաւէտ ուսուցում իրականացնելու:
ԱԲ-ի արհեստագիտութիւնները գործածելով, կրթական հաստատութիւնները կը կարողանան առաջարկել աւելի խիստ եւ համապարփակ ուսումնական ծրագիր, որ կը բաւարարէ ուսանողներուն զարգացող կարիքները:
ԱԲ-ն կը նպաստէ գործակցային ուսումնական միջավայրերու, ուր ուսանողներն ու ուսուցիչները կրնան բաժնեկցիլ գիտելիքներ` խթանելով շարունակական ուսուցման եւ կատարելագործման մշակոյթը:
ԱԲ-ի առաւելութիւնները կրթութեան մէջ բազմազան են` սկսելով անհատականացած եւ փոխազդեցիկ ուսուցման փորձառութենէն մինչեւ բարձրորակ կրթութիւն:
Քանի որ ԱԲ-ն կը շարունակէ զարգանալ, անոր դերը կրթութեան վերափոխման մէջ հետզհետէ աւելի նշանակալի կը դառնայ` նոր կարելիութիւններ առաջարկելով ուսանողներուն եւ ուսուցիչներուն:
Արհեստական Բանականութեան
Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
– Տուեալներու գաղտնիութեան կապուած մտահոգութիւններ
– Կախուածութիւն արհեստագիտութենէն
– Մարդկային շփումի բացակայութիւն/անմարդկային ուսուցման փորձ
– Խաբէութեան վտանգ
– Ուսուցիչի աշխատանքի տեղահանում
Կրթութեան մէջ ԱԲ-ի առաւելութիւններն ու թերութիւնները հասկնալը միայն սկիզբն է: Իրական կարելիութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ գիտնաք ինչպէ՛ս առաջնորդել ԱԲ-ի կողմէ վերաձեւաւորուող աշխարհը` դասարաններու, խորհրդակցական սենեակներու եւ տարբեր վայրերու մէջ:
Եզրակացութիւն
ԱԲ-ի ապագան կրթութեան մէջ պայծառ է` բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու դասաւանդման եւ ուսուցման եղանակը փոխակերպելու ներուժով:
ԱԲ-ն ունի կրթութիւնը եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներ վերափոխելու ներուժ եւ յեղափոխութիւն մտցնելու արհեստագիտութիւններու հետ մեր փոխազդեցութեան մէջ: ԱԲ-ն կը կարողանայ բարելաւել առաջադրանքներու ճշգրտութիւնն ու արագութիւնը` նուազեցնելով մարդկային սխալի վտանգը:
Սակայն, ԱԲ-ի պատասխանատու զարգացման ապահովումը կ՛ենթադրէ բարոյագիտական հարցերու լուծում եւ հաշուետուութեան ու վստահութեան ապահովում:
ԱԲ-ի համակարգերը պէտք է նախագծուին մարդկային հսկողութեան եւ վերահսկողութեան տակ, եւ կարեւոր է լուծել բարոյագիտական եւ գործնական մարտահրաւէրները` վստահ ըլլալու, որ ԱԲ-ն օգուտ բերէ կրթական համակարգի բոլոր կողմերուն:


