ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի մասնակիցները Հայաստանը զրկած են կազմակերպութեան մէջ քուէարկելու իրաւունքէն: Այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:
Փեսքով «Լայֆ»-ի լրագրող Եունաշեւին յայտնած է, որ նիւթը քննարկուած է, եւ որոշում տրուած:
«Կապուած այն բանին, որ Հայաստանը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր չէր կատարեր իր պարտաւորութիւնները, ղեկավարուելով կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ` առաջարկուած եւ որոշուած է Հայաստանը զրկել քուէարկելու, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ պատասխանատու պաշտօններուն իր ներկայացուցիչները նշանակելու իրաւունքէն», նշած է Փեսքով:
Աւելի կանուխ, ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, Փեսքով յայտարարած էր, որ Երեւանը այս պահուն չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն, եւ կազմակերպութիւնը պատշաճ կերպով պիտի արձագանգէ ատոր:
«Փաշինեանը բազմիցս կրկնած է, որ Հայաստանը կորսնցուցած է ՀԱՊԿ-ին մասնակցելու նկատմամբ հետաքրքրութիւնը: Մենք չենք գիտեր, թէ Փաշինեանը ինչի՛ կը սպասէ, սակայն այն, որ Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի աշխատանքներուն չի մասնակցիր, ակնյայտ է: Եւ ՀԱՊԿ-ն ատոր համապատասխանաբար պիտի արձագանգէ», ըսած էր ան:
Փեսքով, մեկնաբանելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի խօսքերը, թէ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները չեն պատրաստուիր Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն «վտարելու», յայտնած էր. «Այն ամէնը, ինչ որ գրուած է կանոնադրութեան մէջ, կրնայ գործադրուիլ անդամ երկիրներու որոշումով: Եւ նախարարն ալ երէկ բացատրեց, թէ յատկապէս ի՛նչ գրուած է կանոնադրութեան մէջ»:
Յիշեցնենք, որ Լաւրով յայտարարած էր, թէ ՀԱՊԿ-ի դուռը Երեւանի համար չի փակուիր, եւ Հայաստանը ՀԱՊԿ-էն պիտի չվտարեն:


