Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռեզայի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Ամերիկեան որեւէ նոր յարձակումի պատասխանը նաեւ ամերիկեան հեռաւոր ռազմակայաններու թիրախաւորումը պիտի ըլլայ»:
«Արեւմտեան Ասիոյ բոլոր ճակատներուն, մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալը մեր հիմնական պայմաններէն մէկն է», նշեց Ռեզայի:
«Հիւլէական հարստացուած նիւթի հիւլէ մը իսկ Իրանէն դուրս պիտի չբերենք, եւ մեր ռուս բարեկամներուն փոխանցեցինք, թէ հարստացուած նիւթը Իրանի մէջ պիտի մնայ, եւ զայն մենք պիտի օգտագործենք», ըսաւ ան:
«Ելեկտրոնային պատերազմին մէջ հասանք յառաջադէմ մակարդակի մը, որ մեզի կ՛արտօնէ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերը վերահսկողութեան տակ առնել եւ զանոնք վար առնել», նշեց Ռեզայի:


