Երեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2026-ին, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի վաթսունամեակի ընթրիքը համախմբեց հայ համայնքի հոգեւոր, պետական, հասարակական եւ մշակութային շրջանակները` վերարժեւորելու Վարդան Ճինիշեանի մարդասիրական ժառանգութիւնը եւ հիմնարկին շարունակուող առաքելութիւնը:
Երեկոյին, որ կը կրէր հովանաւորութիւնը` հայ երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն` Շահէ արք. Փանոսեանի, Գրիգոր եպս. Պատիշահի եւ վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանի, ներկայ էին քաղաքական անձնաւորութիւններ, քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ, կրթական, մշակութային եւ ընկերային հաստատութիւններու ու թերթերու տնօրէններ եւ ներկայացուցիչներ: Ոգեկոչումին մասնակցեցան նաեւ «Ճինիշեան»-ի վարչութեան անդամները, «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գործադիր տնօրէն Էլիզա Մինասեանը եւ Հայաստանի «Ճինիշեան» հիմնադրամի տնօրէն Արմէն Յակոբեանը:
Յայտագիրին բացումը կատարեցին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի ընկերային ծառայողներ, ապա Գրիգոր եպս. Պատիշահ աղօթեց, անկէ ետք «Ճինիշեան»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան ուղղեց իր խօսքը:
Անդրադառնալով տարիներու ընթացքին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի գործունէութեան զարգացման` ան ընդգծեց, թէ հիմնարկը իր ծառայութիւնները մնայուն կերպով պատշաճեցուցած է համայնքի յարափոփոխ կարիքներուն` մնայուն կերպով հաւատարիմ մնալով Վարդան Ճինիշեանի կտակին առանցքային նպատակներէն մէկուն` համայնքի հզօրացման:
Կառոյցի ներկայ գործունէութիւնը ներկայացնող կարճ տեսանիւթի ցուցադրութենէն ետք Շահէ արք. Փանոսեան ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեան գիրը: Ապա Սահակ վրդ. Քէշիշեան փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին օրհնագիրը:
Օրուան գլխաւոր բանախօս, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան երախտագիտութեամբ ոգեկոչեց Վարդան Ճինիշեանի գործն ու տեսլականը: Ան ընդգծեց «Ճինիշեան»-ի ունեցած ներգործութիւնը համայնքի կեանքին մէջ` թէ՛ մարդկային ցաւը մեղմացնելու եւ թէ՛ անհատներուն ու ընտանիքներուն կարողութիւնները զարգացնելու առումով: Իր խօսքին մէջ ան կարեւոր նկատեց հզօրացման ծրագիրները` իբրեւ համայնքին մէջ մնայուն ազդեցութիւն ստեղծելու էական միջոց:
Էլիզա Մինասեան իր կարգին ներկայացուց «Ճինիշեան» հիմնադրամի գործունէութեան սկզբունքներն ու աշխատանքը եւ բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ դժուարին պայմաններու ներքեւ իրականացուող ծառայութիւնը: Այնուհետեւ ան «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի ընդհանուր վարչութեան անունով գնահատանքի յուշանուէր յանձնեց Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեանին` առ ի գնահատանք կատարուած աշխատանքին:
Երեկոյին գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցան ՀԲԸՄ-ի «Արին» պարախումբը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչներ` ջութակի վրայ Արմէն Ճէնտէրէճեան եւ դաշնամուրի` Վերոնա Ռուսեալեան, ինչպէս նաեւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան ներկայացուց երկու երգերով:
Երեկոն դարձաւ երախտագիտութեան եւ համախմբման գեղեցիկ առիթ` վերահաստատելով «Ճինիշեան»-ի առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ լիբանանահայ համայնքին ծառայելու հաւաքական յանձնառութիւնը:








