Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը շատ պիտի չուշանայ, երբ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը լիարժէք համաձայնութեան գան:
«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը լիարժէք համաձայնութեան պիտի գան: Ասիկա մեզի համար կարեւոր է: Ես բանակցութիւններ վարած եմ իմ պաշտօնակից հայ նախարարի հետ: Մենք կատարած ենք անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքներ թէ՛ երկաթուղային դարպասի (Կարս-Գիւմրի երկաթուղի), թէ՛ ալ Ալիճանի ցամաքային սահմանի բացման ուղղութեամբ: Փոխադարձ համաձայնութեան պարագային եւ հաշուի առնելով Ազրպէյճանի զգայնութիւնը` մենք կը կարծենք, որ համաձայնութեան ձեռքբերումէն ետք սահմանի բացումը շատ չերկարի: Աստուծոյ կամքով, ատիկա տեղի ունենայ կարճ ժամանակի ընթացքին», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցին ըսած է Ուրալօղլու, որ կը մասնակցի Անթալիոյ մէջ ՄԱԿ-ի կլիմայի խորհրդաժողովին` ՔՈՓ31-ին:


