Երէկ առաւօտեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ ընթացք առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա եռակողմ երկօրեայ բանակցութիւնները:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ նախքան բանակցութիւններու մեկնարկը, ուքրանական պատուիրակութիւնը ժողով մը գումարած է Եւրոպական Միութեան, ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւըն Ուիթքոֆ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները, Ուքրանիան եւ եւրոպացի գործընկերները պիտի շարունակեն սերտ համագործակցութեամբ աշխատիլ ամբողջ բանակցային հոլովոյթի ընթացքին` ընդհանուր նպատակ ունենալով յառաջ շարժիլ դէպի եւրոպացի գործընկերներու մասնակցութեամբ աւելի լայն բազմակողմ քննարկումներ եւ հասնիլ համապարփակ ու կայուն խաղաղութեան»:
Հանդիպումէն ետք Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական պետութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իրենց յանձնառութիւնը յայտնեցին «յետպատերազմեան փուլին մէջ եւրոպական ուժեղ ու կայուն անվտանգութեան հաստատման նկատմամբ»:
Անոնք իրենց հաղորդագրութեան մէջ շեշտեցին. «Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տուող որեւէ համաձայնութիւն պէտք է յարգէ անոր հողային ամբողջականութիւնը, անոր գերիշխանութեան ու հողերու ապահովութեան պահպանման ծիրին մէջ»:
«Մասնակիցները իրենց հասարակաց յանձնառութիւնը յայտնեցին պատերազմէն ետք եւրոպական ուժեղ անվտանգութեան ճարտարապետութեան եւ կարգաւորումներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ յստակօրէն նշեցին, որ ուժեղ ՕԹԱՆ-ը պիտի մնայ կարեւորագոյնը եւրատլանտեան ընդհանուր պաշտպանութեան համար», նշեց հաղորդագրութիւնը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս յայտարարած էր, որ Ապու Տապիի մէջ բանակցութիւնները պիտի անդրադառնան ապահովական երաշխիքներու թղթածարին:
Ամերիկացի պատուիրակ Ճարետ Քուշներ երէկ Ապու Տապիէն կոչ ուղղեց` մշակելու Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի ապահովական նոր շրջագիծ մը, որ խաղաղութեան հաստատումը կ՛երաշխաւորէ:
«Կը յուսամ, որ այս օրը միայն երկու երկիրներուն միջեւ հարցերու եւ պատերազմին վերջ տալու ձեւին շուրջ քննարկումով չսահմանափակուի, այլ նաեւ անդրադառնայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Ուքրանիոյ, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի միջեւ հաստատել ապահովական ամուր յարաբերութիւններ` նոր ծիր ստեղծելու եւ ոչ թէ պարզապէս պատերազմը աւարտելու, եւ տասնամեակներու, եթէ ոչ դարերու խաղաղութիւն ապահովելու համար», նշեց Քուշներ:


