Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Այլընտրանքային Հսկողութեան Մեքանիզմի Մասին Կը Խօսի

November 11, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ երկուշաբթի օր Փարիզի «Էնթերքոնթինանթալ Փարի Լը Կրան» պանդոկին մէջ լրագրողներու հետ Լիբանանի վերաբերեալ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ քննարկուած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու` ՖԻՆԻՒԼ-ի ապագան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ աշխատանք կը տանին փորձնական շրջաններու գործադրութեան հսկողութեան մեքանիզմ մը գտնելու, եւ պայման չէ, որ այդ առաքելութիւնը ըլլայ զինուորական, որովհետեւ կրնայ քաղաքային առաքելութիւն ըլլալ:

Ան նշեց, որ հանդիպումի ընթացքին շեշտուած է կարեւորութիւնը երկու կողմերուն վստահութիւնը վայելող ստուգման համակարգի մը ներկայութեան` երաշխաւորելու համար անոնցմէ իւրաքանչիւրին համաձայնութիւններու հիմամբ ստանձնած խոստումներու կատարումը:

Ռուպիօ աւելցուց, որ այդ համակարգի բնոյթին շուրջ կարգ մը գաղափարներու քննարկում տեղի ունեցած է, սակայն մանրամասնութիւնները զգայուն են, եւ կարելի չէ ներկայիս հրապարակել զանոնք, որովհետեւ անոնք կարիքը ունին լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն հաւանութեան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտը մօտեցած է, անիկա կրնայ փոխարինուիլ մէկ այլ մեքանիզմով մը, որ նոյն դերակատարութիւնը կը կատարէ` նշելով, որ հիմնական նպատակը համաձայնութիւններու յարգումը ստուգելու համար գետնի վրայ գոյութիւնն է վստահութիւն վայելող կողմի մը, որ անպայման զինուորական բնոյթ պէտք չէ ունենայ:

Ռուպիօ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ ատիկա իրագործելու կարգ մը գաղափարներ ունին, եւ իրենց կարծիքով` Ֆրանսան կրնայ այդ առնչութեամբ օժանդակ դերակատարութիւն ունենալ:

Նախորդը

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

Յաջորդը

RelatedPosts

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք  Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն  Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը  Չթիրախաւորելու»
Լիբանանեան

Ընդունելով Պաշտպանութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Կոչ Կ՛ուղղենք Լիբանանի Գերագոյն Շահերուն Ոչ Համահունչ Պատճառներով Բանակը Չթիրախաւորելու»

November 11, 2026
Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային  Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց
Լիբանանեան

Պասիլ Նախագահ Աունին Միջազգային Ուժերուն Վերաբերեալ Առաջարկ Մը Յանձնեց

November 11, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.