Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Միշէլ Մնասսան:
Նախագահը հանդիպումի ընթացքին ընդգծեց ապահովական կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Ան բարձր գնահատեց բանակին` անվտանգութեան ու ընդհանուր ապահովութեան պահպանման եւ քաղաքական իշխանութեան որոշումներու գործադրութեան մէջ հիմնական դերակատարութիւնը:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց բանակը, անոր հրամանատարութիւնը, սպաներն ու անդամները Լիբանանի գերագոյն շահերուն ոչ համահունչ պատճառներով չթիրախաւորելու:


