«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ անցեալ տարուան փոխախոյեան Սան Անթոնիօ Սփըրզ իր յաջորդական 9-րդ յաղթանակը արձանագրեց` 122-96 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆինիքս Սանզին, այս վերջինիս դաշտին վրայ, Արիզոնայի մէջ:
Ֆրանսացի սենթըր Վիքթոր Ուեմպանեամա 40 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 9 պլոք կատարեց` անգամ մը եւս փայլուն ելոյթ մը ցուցաբերելով: Տեւըն Պուքըր եղաւ Ֆինիքսի լաւագոյն մարզիկը` նշանակելով 32 կէտ:
Հետաքրքրական մրցումի մը ընթացքին, Հիուսթըն Ռոքեթց երկու պարտութիւններէ ետք կրցաւ 110-100 արդիւնքով յաղթել Տենվըր Նակեթցին: Քեւըն Տիւրենթ (23 կէտ եւ 12 ռիպաունտ) եւ Ալփերեն Շենկիւն (20 կէտ եւ 11 ռիպաունտ) փայլուն ելոյթ ունեցան ի նպաստ Հիուսթընի, մինչ Ժամալ Մարէյ 38 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նակեթցի, որուն սերպ աստղը 1 էսիսթով ետ մնաց թրիփըլ տապըլէ մը: Նիքոլա Եոքիչ 25 կէտ, 16 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց:
Անթոնի Տէյվիս 44 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի, որ սակայն 111-122 արդիւնքով պարտուեցաւ Տիթրոյիթ Փիսթընզէն: Ճոն Քոլինզ 24 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ 7-րդ յաղթանակը արձանագրեց 10-րդ մրցումին:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Լուքա Տոնչիչ շարունակեցին իրենց յաջող ելոյթները, եւ սլովենիացի մարզիկը 2 ռիպաունտով միայն կորսնցուց թրիփըլ տապըլ մը: Տոնչիչ 32 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց Աթլանթա Հոքսի դէմ: Լէյքըրզի 10-րդ յաղթանակը Հոքսի դէմ էր` 124-114 արդիւնքով:
Տալաս Մեւրիքս 125-122 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինտիանա Փէյսըրզը: Քուփըր Ֆլեկ – Քայրի Ըրվինկ զոյգը 78 կէտեր նշանակեցին արձանագրելով Տալասի 7-րդ յաղթանակը 11 մրցումներու ընթացքին: Քուփըր Ֆլեկ 43 կէտերու կողքին 10 ռիպաունտ ալ ձեռք ձգեց:


