Հայ ըմբիշներ Սամուէլ Տէրտէրեան, Հայկ Խլոյեան, Գասպար Տէրտէրեան եւ Տիգրան Մինասեան յաղթանակներ արձանագրեցին ըմբշամարտի Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ շաբթուան մրցումներուն:
Առանձնայատուկ ուշադրութեան կեդրոն դարձած էր Սամուէլ Տէրտէրեանի եւ վրացի Անրի Փութքարածէի գօտեմարտը, մինչեւ 80 քկ կշիռի մրցումներուն: Տէրտէրեան 9-2 արդիւնքով վստահ յաղթանակ արձանագրեց իր մրցակիցին դէմ, վերջերս մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն պարտուելէ ետք անկէ: Ան այսպիսով իր կրած պարտութեան «վրէժ»-ը լուծեց:
Մեծ յաղթանակներ արձանագրեցին Հայկ Խլոյեան եւ Տիգրան Մինասեան: Խլոյեան մինչեւ 98 քկ կշիռի մրցումներուն 19-4 արդիւնքով յաղթեց Ֆին Վալթերի Լաթվալային, իսկ Մինասեան մինչեւ 61 քկ կշիռի մրցումներուն յաղթեց գերմանացի Լարս Կեսթերնեխին` 16-0 արդիւնքով: Գասպար Տէրտէրեան մինչեւ 75 քկ կշիռի մրցումներուն 4-0 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի Էրիք Վակներին:


