ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ալեքսանտրէթի Սանճագին մէջ կացութիւնը լարուած եւ արտակարգ ռազմական դրութիւն հաստատուած էր: Շրջանը դէպի թրքացում ընթացքի մէջ էր եւ հայ ու արաբ բնակչութիւնը յուսախաբութեան եւ խուճապի մատնուած էր:
Սանճագի փոխ պատուիրակ եւ քաղաքացիական ու զինուորական արտակարգ լիազօրութիւններով օժտուած հազարապետ Ֆիլիպէր Քոլլէ, արաբ պաշտօնատարները հեռացնելէ եւ պետական ու վարչական բոլոր պաշտօնները եւ ոստիկանութիւնն ու ոստիկան զօրքը թուրքերուն յանձնելէ ետք, պահանջեց, որ ժողովուրդը գրանցուի թուրքերու ցուցակին վրայ:
Սանճագի մէջ ընտրական գրասենեակները 9 յունիս 1938-ին վերաբացուեցան:
Ազգերու Դաշնակցութեան կողմէ դէտեր ղրկուեցան, հետեւելու համար ընտրութեանց ընթացքին:
Մուսա Լերան եւ Քեսապի գիւղերուն, ինչպէս նաեւ Անտիոքի, Ալեքսանտրէթի, Պէյլանի, Սովուգ Օլուքի, Քրըք Խանի եւ այլ շրջաններու մէջ հայեր մերժեցին թուրքերու ցուցակին վրայ գրանցուիլ: Արաբները եւս մերժեցին:
Թուրք զինեալ տարրեր գիւղէ գիւղ եւ թաղէ թաղ շրջելով թուրքերու ցուցակին վրայ չարձանագրուողները կը ձերբակալէին, կը խոշտանգէին եւ երբեմն ալ կը սպաննէին:
Յունիս 13-ին Անտիոք հասաւ թրքական զինուորական պատուիրակութիւն մը` զօրավար Ասըմ Կիւնտիւզի գլխաւորութեամբ եւ բանակցութեան մէջ մտաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական զինուորական հրամանատարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Բանակցութիւնները շարունակուեցան յաջորդող օրերուն:
Հազարապետ Քոլլէի հրամանով մեծ թիւով ոչ թուրք քաղաքական գործիչներ եւ նոյնիսկ ընտրական գրասենեակներու մէջ աշխատողներ ձերբակալուեցան:
Ազգերու Դաշնակցութեան կողմէ ուղարկուած դէտերը ստեղծուած կացութեան առջեւ իրենց առաքելութիւնը աւարտած նկատեցին:
Ազգերու Դաշնակցութեան մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցիչը յայտնեց, որ այսուհետեւ իր կառավարութիւնը չի կրնար Սանճագի մէջ ընտրական յանձնախումբի իրաւական գոյութիւնը ճանչնալ:
Յունիս 26-ին ընտրական գործողութիւնները պաշտօնապէս կասեցուեցան:
* * *
Անտիոքի մէջ 3 յուլիս 1938-ին ստորագրուեցաւ ֆրանս-թրքական ռազմական համաձայնագիրը:
Յաջորդ օր, յուլիս 4-ին Անգարայի մէջ նախաստորագրուեցաւ ֆրանս-թրքական բարեկամութեան դաշնագիրը:

Սուրիական նահանգ Ալեքսանտրէթի Սանճագին դռները այլեւս բացուած էին թրքական բանակին առջեւ, որ ֆրանսական բանակին հետ պիտի վերահսկէր շրջանի կարգ ու կանոնին, մինչեւ տեղական խորհրդարանին ընտրուիլը եւ գործադիր իշխանութեան կազմութիւնը:
Սանճագի «պաշտպանութեան» համար, երեքշաբթի, 5 յուլիս 1938-ին թրքական զօրքեր մտան Ալեքսանտրէթի Սանճագ:
* * *
Սանճագ մտնելով, թրքական զօրքերը առաջին հերթին սահմանային կէտերը եւ ռազմագիտական բարձունքները հակակշիռի տակ առին եւ մտան Քեսապ: Ֆրանսական ուժերը իրենց դիրքերը յանձնեցին եւ հեռացան:
Թրքական բանակը դիրքեր բռնեց Տիւնակի, Սելտրանի եւ Չալմայի բարձունքներուն, Էքիզօլուքէն արեւմուտք` Աճամի մօտ եւ Տիւզաղաճէն հարաւ` Լեղի Ջուրին մօտ:

Թրքական ոստիկան զօրաց ձիաւոր խումբը Քեսապ մտնելով պահ մը կանգ առաւ Խոդի հրապարակը եւ ցուցական տողանցքով բարձրացաւ դէպի վեր` Մաղարիկի ոստիկանատունը եւ ոստիկանատան վրայ թրքական դրօշակը բարձրացուց:
* * *
Սուրիական կառավարութիւնը, վարչապետ Ճեմիլ Մարտամ բէկի գլխաւորութեամբ, հնարաւորութեան սահմանին մէջ փորձեց կանխել Ալեքսանտրէթի Սանճագին ամբողջական կորուստը: Սակայն սուրիական կառավարութեան հնարաւորութիւնները շատ սահմանափակ էին:
Սուրիական կառավարութիւնը պատուիրակութիւն մը ղրկեց Անգարա եւ փորձեց թրքական կառավարութեան հետ ուղղակի բանակցութեամբ Սանճագի բաժանման փոխ զիջումնային ծրագիր մը իրագործել, գոնէ շրջանին մէկ մասը փրկելու մտահոգութեամբ: Սակայն Անգարա մերժեց որեւէ զիջում: Այնուհետեւ սուրիական կառավարութիւնը փորձեց Ֆրանսայի հետ լեզու գտնել եւ այդպէսով Սանճագի գոնէ մէկ մասը փրկել, բայց ապարդիւն:
* * *
Թուրքիա Սանճագի մէջ լիազօր ներկայացուցիչ նշանակեց Ճեւատ Աչըքալընը, որ հազարապետ Քոլլէի հետ համահաւասար իրաւասութիւններով օժտուեցաւ: Տակաւին պետական պաշտօններու վրայ մնացող հայերն ու արաբները հեռացուեցան եւ թուրքերով փոխարինուեցան:
Ճեւատ Աչըքալըն եւ հազարապետ Քոլլէ 1938 յուլիս 22-ին նոր «ընտրութիւններ»-ու ձեռնարկեցին, որոնք աւարտեցան յուլիս 31-ին: Բոլոր արաբներն ու հայերը պոյքոթի ենթարկեցին «ընտրութիւնները»: Օգոստոս 30-ին հրապարակուեցան խարդախուած ընտրական արձանագրութեանց «արդիւնքները»: Սանճագի բնակչութեան 23 առ հարիւրը կազմող «թուրք համայնք»-ի ցուցակին վրայ գրանցուած էր ընտրողներուն 63 առ հարիւրը:
Ժողովուրդը կատարուած իրողութեան առջեւ դնելով, եւ «ընտրական գործընթացը» օրինական հիմք ընդունելով, հազարապետ Քոլլէ եւ Աչըքալըն Սանճագի խորհրդարանի 40 աթոռներէն 22-ը թուրքերուն շնորհեցին, 9-ը` ալաուիներուն, 2-ը` սիւննի արաբներուն, 2-ը` յոյն ուղղափառներուն եւ 5-ը` հայերուն: Մուսա Լեռը տուաւ մէկ հայ երեսփոխան` Յակոբ Դաւիթեան, Անտիոք մէկ հայ երեսփոխան` Եսայի Գազանճեան:

Սանճագի խորհրդարանի առաջին նստաշրջանը բացուեցաւ ուրբաթ, 2 սեպտեմբեր 1938-ին, Անտիոքի մէջ: Այդ օր, առաջին իսկ նիստին, երեսփոխանական ժողովը սուրիական Ալեքսանտրէթի ինքնավար Սանճագը վերամկրտեց եւ հռչակեց իբրեւ Հաթայի պետութիւն (հիթիթներու երկիր): Անգարայէն, Աթաթուրքի կողմէ Անտիոք ղրկուած Թայֆուր Սէօքմէն Հաթայի պետութեան ղեկավար ընտրուեցաւ: Հաթայի պետութեան մայրաքաղաք դարձաւ Անտիոքը:
* * *
Հաթայի պետութիւնը արագօրէն դէպի թրքացում կ՛երթար: Թրքերէնը դարձաւ պետական լեզու եւ թրքական բոլոր օրէնքները սկսան կիրարկուիլ: Ֆրանսերէն լեզուի դասաւանդումը եւ գործածութիւնը արգիլուեցաւ: Ֆրանսական բանակին մէջ ծառայած հայերուն եւ արաբներուն հրաման տրուեցաւ հեռանալ Սանճագէն: Քրիստոնեայ կղերականներուն պարտադրուեցաւ աշխարհականի տարազ կրել, ինչպէս որ օրէնք էր Թուրքիոյ մէջ: Այր մարդոց արգիլուեցաւ ֆէս կրել:
* * *
Ֆրանս-թրքական նախաստորագրուած դաշնագիրին համաձայն, Ֆրանսա եւ Թուրքիա իւրաքանչիւրը 2500 զինուոր պիտի պահէին Սանճագի մէջ: Սակայն ֆրանսական զօրքերը արագօրէն կը հեռանային եւ յաջորդող օրերուն ֆրանսացի 850 զինուոր մնացած էր Սանճագի մէջ: Մինչդեռ թրքական զօրքերուն թիւը օրը օրին կ՛աւելնար: Սկիզբը 2500 թուրք զինուորներ մտան Սանճագ, բայց յետոյ ութ հազար թուրք զինուորներ քաղաքացիական տարազով մտան եւ սկիզբը տուներու եւ յետոյ զինուորական տարազով զօրանոցներու մէջ տեղաւորուեցան: Յաջորդող օրերուն թուրք զինուորներուն թիւը 12 հազարի հասաւ:
Թրքական բանակը ռազմական եւ պաշտպանական ամրութիւններու, գետնափոր անցքերու ու նոր զօրանոցներու շինութեան ձեռնարկեց:
Քեսապ գաւառի սահմանագիծի երկայնքին, Միջերկրականի ծովափէն, Տիւնակ լերան բարձունքներէն, Չալմայի աղբիւրէն քիչ անդին եւ դէպի Աճամ ու հոնկէ Լեղի Ջուր, Հաթայը Սուրիայէն բաժնող սահմանաքարեր գետնին ամրացուեցան:
* * *
Սանճագը թրքացնելու նպատակով թուրքեր ձեռնարկեցին իրենց ծրագիրի երկրորդ հանգրուանի` շրջանի ոչ թուրք բնակիչները իրենց բնօրրանէն հեռացնելու գործադրութեան:
Թուրք ենթասպայ մը 25 սեպտեմբեր 1938-ին օր ցերեկով եւ առանց որեւէ պատճառի գնդակահարեց ֆրանսացի սպայ Շապոն, որ գնդապետ Քոլլէի աշխատակիցն էր: Ոճրագործը անպատիժ մնաց: Այս դէպքին յաջորդեցին արաբ եւ հայ անմեղ մարդկանց սպանութիւններ, որոնք բոլորն ալ անպատիժ մնացին:
Սանճագի մէջ կացութիւնը վատէն դէպի վատթարագոյնը կ՛ընթանար: Հայերու եւ արաբներու դէմ ամէնօրեայ հալածանքները, սանձարձակութիւնները եւ սպանութիւնները սովորական երեւոյթ դարձած էին:
Այսպէս, Պէյլանէն եւ Սովուգ Օլուքէն արեւմուտք գտնուող Ֆարթըսլը հայաբնակ գիւղին մէջ թուրք մը առանց պատճառի սպաննեց հայ գիւղացի մը: Ոճրագործը բռնուեցաւ, բայց երեք օր ետք ազատ արձակուեցաւ:
Ալեքսանտրէթի մէջ թուրք զինուորներ ճաշարան մը մտնելով հայ սպասեակ մը բռնեցին եւ անխնայ խոշտանգեցին:
Պէյլանէն հիւսիս արեւելք, դէպի Աթիկ ճամբուն վրայ հայ ծերունի մը սպաննուեցաւ թուրքերուն կողմէ:
Ալեքսանտրէթի մէջ, հայ երիտասարդի մը յուղարկաւորութեան ժամանակ ոստիկանութիւնը արգիլեց դագաղը եկեղեցի տանիլ եւ բռնութեամբ ցրուեց յուղարկաւորները:
Ալեքսանտրէթի, Պէյլանի, Աթիկի, Քրըք Խանի, Անտիոքի մէջ եւ այլուր թուրք զինուորներ օր ցերեկով հայ կիներ բռնեցին ու բռնաբարեցին:
Բռնութիւններն ու կամայականութիւնները այն աստիճանին հասան, որ Անտիոքի մէջ թուրք ազատամիտ ուսանողներ ու մտաւորականներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին: Ոստիկանութիւնը ցրուեց ցոյցը եւ ձերբակալեց կազմակերպիչները:


