Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը անընդունելի, իսկ որոշ պարագաներու վրդովեցուցիչ ու անիրատեսական կը նկատէ կարգաւորման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներուն ուղղուած Իրանի պահանջները, բանակցութիւնները առանձնակի արդիւնքներ չեն բերեր:

«Այս պահուս Իրանի հետ բանակցութիւնները այնքան ալ արդիւնաւէտ չեն, որովհետեւ Իրանի պահանջները ոչ միայն անընդունելի են, այլ նաեւ որոշ պարագաներու վրդովեցուցիչ, ծիծաղելի եւ բացարձակապէս անիրատեսական», նշած է Ռուպիօ Եօթներու խմբակի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասնակցելու համար Փարիզ մեկնելէ առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի, մեկնաբանելով Ռուպիոյի խօսքերը, յայտնեց, որ Թեհրանի պահանջները տրամաբանական են եւ օրինական:

«Միթէ՞ այդ պահանջները ապօրինի են կամ անտրամաբանական: Անտրամաբանական եւ յոխորտացող է բանակցութիւններու թէժ պահուն Ամերիկայի` Իրանի վրայ կատարած յարձակումը», ըսաւ Պաղայի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Անոր համաձայն, Թեհրան կը պահանջէ, որ նախքան որեւէ բանակցութեան սկսիլը, Ուաշինկթըն չեղեալ յայտարարէ ապօրինի պատժամիջոցները, դադրեցնէ ծովային շրջափակումը եւ պատերազմը:

Պաղայի նաեւ յայտարարած է, որ Իրանի երկօրեայ ծրագիրը նախկինին պէս կը մնայ բանակցային սեղանի վրայ. եթէ Ուաշինկթըն կատարէ Թեհրանի պահանջները, Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութիւնը երկու օրուան ընթացքին պիտի վերականգնուի:

«Միացեալ Նահանգներու հետ Իրանի բանակցութիւնները անկարելի են, քանի տակաւին կը շարունակուին ծովային շրջափակումը եւ պատերազմը, իսկ իրանեան դրամատնային հաշիւները կը մնան սառեցուած: Կրնա՞ք պատկերացնել, որ մենք Ամերիկայի հետ բանակցութիւններու մէջ կը մտնենք իրենց հետաքրքրող տարբեր նիւթերով, իսկ ծովային շրջափակումը նախկինին պէս կը շարունակուի, պատերազմը կը շարունակուի, մեր հաշիւները սառեցուած կը մնան», նշեց ան:

Պաղայիի համաձայն, Իրանի պահանջները հիմնուած են իսլամապատեան համաձայնութիւններու վրայ, որոնց մէջ յստակ շարադրուած են երկու կողմերու պարտաւորութիւնները, Միացեալ Նահանգները համաձայնած են անոնց, սակայն յետոյ խախտած են զանոնք: Թեհրան նաեւ կը պահանջէ չեղեալ նկատել վերջին ամիսներուն իր դէմ սահմանուած նոր պատժամիջոցները:

Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, թէ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը «ո՛չ խաղաղութիւն, ո՛չ պատերազմ» կացութեան վերջ տալու վերաբերեալ ցուցմունքներ տուած է:

Փեզեշքիան նշեց, որ իր երկիրը երկխօսութեան ու բանակցութեան կը ձգտի` շեշտելով, որ տրամաբանութիւնը կը թելադրէ պատերազմի մէջ չմտնել, եթէ կարելի է իրաւունքներուն երկխօսութեան ճամբով տիրանալ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ, որ իր երկիրը կը մերժէ Իրանի վրայ յարձակումներու որեւէ նոր ալիք` զգուշացնելով շրջանը յաւելեալ անկայունութեան մղելէ:

Էրտողան ըսաւ, թէ «Իրանի վերաբերեալ դարձեալ ժխտական շարժումներ կան»` շեշտելով, որ Թուրքիան իր ամբողջ ջանքը կը թափէ մագլցումը արգիլելու:

«Չենք ուզեր Իրանի վրայ նոր յարձակումներու ալիք տեսնել», ըսաւ ան` նշելով, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին այդ կարելիութեան վերաբերեալ իր երկրին մտավախութիւնները յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

Նախորդը

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

RelatedPosts

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ  Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը
Միջազգային

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Կ՛առնէ Մոսկուա-Ուաշինկթըն-Քիեւ Եռակողմ Հանդիպումը

November 10, 2026
Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ»  Հասնելէն Կը Զգուշացնէ
Միջազգային

Այզենքոթ Իսրայէլի «Անվերադարձ Կէտ» Հասնելէն Կը Զգուշացնէ

November 10, 2026
Թրամփ. «Ես Պիտի Մեկնիմ Չինաստան,  Կը Կարծեմ, Որ Պիտի Հանդիպիմ Փութինի Եւ Շիի Հետ»
Միջազգային

Թրամփ. «Ես Պիտի Մեկնիմ Չինաստան, Կը Կարծեմ, Որ Պիտի Հանդիպիմ Փութինի Եւ Շիի Հետ»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.