Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ. «Ներկայ Փուլին Առաջնահերթութիւնը Լիբանանը Պաշտպանելն Ու Զայն Նոր Պատերազմի Մէջ Ներքաշելէ Խուսափիլն Է»

November 10, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ նախարարական հերթական ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Ներկայ փուլին առաջնահերթութիւնը Լիբանանը պաշտպանելը, անոր անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը պահպանելն եւ զայն որեւէ նոր պատերազմի մէջ ներքաշելէ խուսափիլն է»:

Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը ապահովական ու ապրուստի թղթածրարներ քննարկուեցան:

Ժողովին մասնակիցները անդրադարձան Պէյրութի եւ Մեծն Պէյրութի մէջ ապահովութեան ամրապնդման համար որդեգրուած վերջին քայլերուն, մասնաւորաբար պարեկութեան ու ապահովական տեղակայման աշխուժացումը:

Սալամ շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է, որ այդ քայլերը մնայուն ըլլան, ինչ որ կ՛երաշխաւորէ քաղաքացիներու եւ անոնց սեփականութեան պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ ապահովութեան եւ հանգստութեան իրենց զգացումը:

Ինչ կը վերաբերի սննդեղէնի անվտանգութեան, ժողովականները անդրադարձ կատարեցին վերջին ապահովական արտակարգ ժողովէն ետք որդեգրուած քայլերուն` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է շահագրգիռ նախարարութիւններու եւ ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ Սննդեղէնի անվտանգութեան լիբանանեան մարմինին հետ համակարգուած կերպով աշխուժացնել պարեկութիւնը, խուզարկումները, սննդեղէնի հաստատութիւններուն, ճաշարաններուն, պահեստանոցներուն եւ սննդեղէնի ցրուումի կեդրոններուն հսկողութիւնը:

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ օդակայանի մերձակայքին մէջ թռիչքներու անվտանգութեան պահպանման համար որդեգրուած քայլերուն:

 

 

 

Նախորդը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք.  Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց,  Որ Մեծ Փոփոխութիւններու  Առջեւ Կանգնած Ենք»
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Դիւանի Ժողովէն Ետք. Պու Սաապ. «Պըրրի Յայտնեց, Որ Մեծ Փոփոխութիւններու Առջեւ Կանգնած Ենք»

November 10, 2026
Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք  Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման  Իրագործման Համար Բանակցութեան»
Լիբանանեան

Թէյմուր Ժոմպլաթ. «Կը Զօրակցինք Իսրայէլեան Ամբողջական Հեռացման Իրագործման Համար Բանակցութեան»

November 10, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.