Սան Փաուլոյի մէջ տեղի ունեցաւ 2026-ի 20-րդ կրան փրին, ուր անցեալ տարուան ախոյեան Լանտօ Նորիս իր «Մաքլարեն»-ով կրցաւ փոլ փոզիշընէն սկսելով շահիլ այս տարուան իր 3-րդ կրան փրին:
Հակառակ անձրեւոտ եղանակին, կրան փրին վերջ գտաւ չոր վիճակի մէջ, ուր «Ռետ Պուլ»-ի զոյգը` Մաքս Վերշթափեն եւ Իզաք Հաժժար, ամբողջացուցին պատուոյ հարթակը` գրաւելով յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Վերշթափեն 21-րդ դիրքէն սկսելով կրցաւ 2-րդ դիրքին հասնիլ, բայց «Մերսետես»-ի զոյգը` Ճորճ Ռասըլ եւ Քիմի Անթոնելլի, որ անցեալ շաբաթ կրցած էր 2026-ի աշխարհի ախոյեան դառնալ` գրաւելէ ետք 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը, «Մերսետես»-ը խմբային ախոյեան դարձնելով:
Օսքար Փիասթրի գրաւեց 6-րդ դիրքը իր «Մաքլարեն»-ով` ետին ձգելով «Ֆեռարի»-ի Շարլ Լըքլերը, որ 7-րդ դիրքը գրաւած էր նախավերջին շրջանին անցնելէ ետք Լիամ Լոսընի «Ռէյսինկ Պուլզ»-ին, բայց 7-րդ եւ 8-րդ դիրքերը վերատեսութեան ենթարկուեցան, երբ Լըքլեր նոր զելանտացի Լոսընի ինքնաշարժին անիւին դպած էր` անոր հաւասարակշռութիւնը խախտելով, ապա անցնելով զայն:
Լուիս Համիլթըն երկրորդ «Ֆեռարի»-ով գրաւեց 9-րդ դիրքը` իր 400-րդ կրան փրիին: Համիլթըն 20-րդ դիրքէն սկսած էր մրցումը, մինչ գերմանացի Նիքօ Հուլքենպերկ իր «Աուտի»-ով գրաւած էր 10-րդ դիրքը:
Յաջորդ կրան փրին տեղի պիտի ունենայ Լաս Վեկասի մէջ (21 նոյեմբերին), այնուհետեւ վերադառնալով Ասիա, ուր Քաթարի (29 նոյեմբեր) եւ Ապու Տապիի (6 դեկտեմբեր) կրան փրիներով պիտի փակուի տարեշրջանը:


