Հայ ճատրակի ներկայացուցիչներ աշխարհի մինչեւ 20 տարեկան պատանիներու կայծակնային ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն պատուաւոր դիրքեր գրաւած են:
Արդարեւ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Այն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն միջազգային վարպետ Ռոպերթ Փիլիպոսեան 13 կարելի կէտերէն 9,5 կէտ ձեռք ձգելով գրաւեց 2-րդէն 4-րդ դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշներով Ռոպերթ Փիլիպոսեան նուաճած է պրոնզէ մետալը:
Միջազգային վարպետ Ալեքս Սահակեան վաստկելէ ետք 9 կէտ, գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Ախոյեանութեան մասնակցած է նաեւ վարպետ Էմին Օհանեան, որ 8,5 կէտ ձեռք ձգելով գրաւած է 13-րդ դիրքը:
Միւս կողմէ, Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ տեղի կ՛ունենայ 8-էն 18 տարեկաններու Եւրոպայի ճատրակի ախոյեանութիւնը:
Ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 6 տարիքային խմբակներով` տղոց եւ աղջկանց գծով, ուր 8, 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկաններու երկսեռ խումբեր կան:
Սոյն ախոյեանութեան Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի գործադիր տնօրէն Արմէն Գէորգեանի գլխաւորութեամբ Հայաստանէն կը մասնակցին 58 մարզիկներ:
Ստորեւ` պատուիրակութեան եւ մասնակիցներուն ամբողջական ցանկը:
Պատուիրակութեան ղեկավար – Արտաշէս Մինասեան, մարզիչներ` Տիգրան Յարութիւնեան, Սարգիս Մանուկեան, Արարատ Սանթրեան եւ Նորայր Թորոսեան:
Մինչեւ 18 տարեկան պատանիներ – Վաչէ Յովակիմեան, Վահէ Սուքիասեան, Ռուտոլֆ Փաշիկեան, Մենուա Յակոբեան, Անահիտ Մկրտչեան, Նուարդ Հայրապետեան, Անի Աւետիսեան, Էմմա Մխիթարեան, Սիւզաննա Առաքելեան եւ Ալիսա Յակոբովա:
Մինչեւ 16 տարեկան պատանիներ – Մանուէլ Առաքելեան, Հայկ Մազաքեան, Աւիկ Իսախանեան, Սոնա Կրկիաշարեան, Անի Նահապետեան, Նելլի Ջալալեան, Մանէ Ժամկոչեան եւ Նռանէ Գէորգեան:
Մինչեւ 14 տարեկաններ – Տիգրան Համբարձումեան, Արեն Մնացականեան, Արտեմ Մամիկոնեան, Դաւիթ Պօղոսեան, Սերկէյ Ենոքեան, Արման Ասլանեան, Մովսէս Միլիտոնեան, Անգելինա Միրաքեան, Գաբրիելա Յարութիւնեան, Մանէ Յակոբեան եւ Քրիստինա Ղարագէօզեան:
Մինչեւ 12 տարեկաններ – Դաւիթ Մելքոնեան, Աշոտ Աւետիսեան, Համլեթ Յարութիւնեան, Միքայէլ Սարգսեան, Գէորգ Աղոյեան, Յարութիւն Դերմենջեան, Ալեքսանտր Յակոբեան, Էդվին Գրիգորեան, Նարէ Իսախանեան, Արիանա Չիլինգարեան, Արիանա Ազիզբէկեանց եւ Արինա Մինասեան:
Մինչեւ 10 տարեկաններ – Սամուէլ Մովսիսեան, Մանուէլ Վարդանեան, Յակոբ Պետրոսեան, Արսէն Բայրամեան, Արեգ Մանասեան, Աւետ Վարդանեան, Նարեկ Խաչատրեան, Սոֆիա Բաղրամեան, Նելլի Ղուկասեան եւ Մարի Պապիկեան:
Մինչեւ 8 տարեկաններ – Արա Դանիէլեան, Մոնթէ Աւետիսեան, Ռուբէն Կայծակեան, Մարք Ադամեան, Ռաֆայէլ Զաքարեան, Եանա Ներսիսեան եւ Եւա Ոսկանեան:


