ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Կան յիշատակներ, զորս ժամանակը չի կրնար մաշեցնել: Կան մանկութեան ընկերներ, որոնք մեր կեանքէն հեռանալէ ետք իսկ կը շարունակեն ապրիլ մեր հոգիին մէջ` իրենց ձայնով, ժպիտով, նայուածքով եւ միասին ապրուած օրերու անմոռանալի պատկերներով:
Մարտիկ Չանչանեանը այդպիսի ընկեր մը եղաւ ինծի համար:
Երբ այսօր, տարիներու հեռաւորութենէն, կը փորձեմ ետ նայիլ մեր մանկութեան ու պատանեկութեան օրերուն, առաջին հերթին աչքերուս դիմաց կը բացուի մեր Այնճարը` իր պարզ ու համեստ տուներով, իր փոշոտ ճամբաներով, իր այգիներով, իր եկեղեցիներով ու դպրոցներով, եւ այդ բոլորին մէջ` մենք` սերնդակից տղաքս, աղքատութեան եւ սահմանափակ պայմաններու մէջ ապրող, բայց երազներով հարուստ ու վաղուան հանդէպ հաւատքով լեցուն պատանիներս:
Մենք Այնճար գաղթակայանի բնակիչներուն անմեղունակ զաւակներն էինք:
Մեր գիւղի ուսումնատենչ մեծերը` քրիստոնէական հաւատքով ու հայապահպանման անսասան գիտակցութեամբ առաջնորդուած, Այնճարի վրանաքաղաքի առաջին իսկ օրերուն հոն կանգնեցուցին վրան-եկեղեցի եւ վրան-դպրոց:
Աղքատ էին անոնց պայմանները, սակայն հարուստ էին անոնց հոգեւոր ու կրթական ձգտումները: Այդ վրաններուն մէջ անոնք մեզմէ մեծերուն եւ ապա մեզի ոչ միայն գիտելիք ու աղօթք, այլ նաեւ գոյատեւելու կամք, հայ մնալու հաւատք եւ վաղուան նկատմամբ վստահութիւն ներշնչեցին:
Եւ մենք` բախտաւոր պատանիներս, այդ մեծ գործի բնական շարունակողներն էինք:
Տարիներու ընթացքին, երբ Այնճարի տուները սկսան կառուցուիլ, եկեղեցական սրահներ ալ շինուեցան, եւ անոնց մէջ սաւաններով բաժնուած դասարաններու համեստ պայմաններուն տակ ունեցանք աւելի ապահով վարժարան` մինչեւ այն օրը, երբ մեր գիւղը պիտի ունենար աւելի արդիական կրթական հաստատութիւններ եւ հոյակերտ եկեղեցիներ:
Այսպիսի միջավայրի մը մէջ էր, որ ապրեցանք մեր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը:
Եւ հոն էր նաեւ Մարտիկը` մեր տան անմիջակայ դրացին, իմ մանկութեան ամէնէն մտերիմ ընկերներէս մէկը եւ մեր թաղի ամէնէն արագ վազող խաղընկերը:
Մեր վարժարանին առաւօտեան բարոյախօսական պաշտամունքէն ետք, ընկալուած սովորութեան համաձայն, մենք պէտք էր ուղղուէինք մեր դասարանները: Սակայն չարաբաստիկ օր մը, դասարաններու ճամբուն վրայ, կայծակնային արագութեամբ, փսփսուքով եւ ցնցիչ տխրութեամբ իմացայ ամէնէն մտերիմ ընկերոջս` մեր տան դրացի Մարտիկին ոտքերուն յանկարծակի եւ արագ տկարացման մասին:
Այն տղան, որ երէկ տակաւին մեր թաղի ամէնէն արագ վազող խաղընկերն էր, այսօր ակնթարթի մը մէջ անդամալուծուած էր:
Դժուար է բառերով նկարագրել այն ցնցումը, զոր պատանիներս ապրեցանք այդ օրերուն:
Մարտիկը սակայն չընդունեց, որ իր մարմնին սահմանափակումը պիտի դառնայ իր հոգեկանին վերջին սահմանը:
Ուսումնատենչ Մարտիկին խնդրանքով` մեր վարժարանի դասատուները սիրայօժար կերպով յատուկ կարգադրութիւն մը ըրին: Անոնք պարբերաբար կ՛այցելէին Մարտիկին, կը հասնէին մինչեւ իր սնարը, կը դասաւանդէին, կը բացատրէին, կը հետեւէին իր ուսումնական ընթացքին եւ չէին ձգեր, որ իր հիւանդութիւնը զինք հեռացնէ նախնական կրթութենէն:
Այդ օրերուն Մարտիկին տունը դարձաւ նաեւ մեր ժամադրավայրը:
Տարիներու թաւալումով մենք մեծցանք, հասակ առինք, եւ Մարտիկին տունը մնաց մեր ընկերական աշխարհի հարազատ անկիւններէն մէկը:
Հպարտութեամբ կը բարձրաձայնեմ, որ աստուածատուր բազմաթիւ տաղանդներով օժտուած էր Մարտիկը. երաժշտութիւնը անոր հոգիին լեզուն էր, գեղանկարչութիւնը` անոր ներաշխարհին արտայայտութիւնը, իսկ ընթերցասիրութիւնը` անոր միտքը հարստացնող անսպառ աղբիւրը:
Իր ներկայութիւնը կը ճոխացնէր մեր ընկերական հաւաքները: Կիթառի, սրինգի, ձեռնադաշնակի եւ այլ նուագարաններու իր վարպետ կատարումները կարծես ուրիշ աշխարհ մը կը բանային մեր առջեւ:
Բայց Մարտիկին էութեան մեծագոյն գործիքը թերեւս իր մարդկային կենցաղն ու ներկայութիւնն էր:
Բժշկական միջամտութիւններէ ետք, երբ սկսաւ անթացուպերով քալել, ան կրկին միացաւ մեր խմբային պտոյտներուն, հոգեւոր պաշտամունքներուն, միութենական ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Իր երաժշտական գործիքներով մաս կազմեց երգչախումբերու ու նուագախումբերու, այսպիսով ալ ան իր անմնացորդ մասնակցութիւնը բերաւ մեր Այնճար հայաւանի մշակութային, ազգային ու հոգեւոր աստիճանաւոր վերելքին:
Մարտիկին մարմինը կը դժուարանար, բայց հոգին կը թեւածէր:
Մարտիկին հետ ունեցած առանձնակի անմոռանալի յիշատակներս շատ են: Կ՛արժէ սակայն յիշատակել գոնէ մէկ քանին:
Ուշ գիշերներ էին:
Մեր պարտէզը ջրելու հերթը ինծի կը հասնէր: Կը լծէի մեր իշուկին կառքը եւ ձայն կու տայի Մարտիկին, որ ինծի միանար ընդարձակ պարտէզին լուբիայի թուփերը ջրելու:
Մարտիկը իր երաժշտական գործիքները կը տեղադրէր կառքին մէջ, ու մենք մութին մէջ կը ճամբորդէինք դէպի պարտէզ տանող փոշիածածկ ճամբաներով:
Կէս գիշեր էր:
Ես` բահը ձեռքիս, ջուրը կը դարձնէի պարտէզին մէկ անկիւնէն միւսը` լուբիայի ակօսներուն մէջ, իսկ Մարտիկը, մեծ սալորի ծառին տակ, վերմակի մը վրայ նստած, իր ֆլութին մեղեդիներով կը հարստացնէր գիշերուան լռութիւնը եւ կը թեթեւցնէր իմ աշխատանքիս յոգնութիւնը:
Քիչ անց կիթառը կ՛առնէր ձեռքը:
Գիշերուան լռութիւնը կը խզուէր:
Ես ալ հեռուէն ձայնս կը բարձրացնէի` միանալով անոր երաժշտութեան ու երգին:
Երկու երիտասարդներ էինք` մէկը գործիքի մը հետ, միւսը` երգով, եւ մեր ամբողջ աշխարհը այդ պահուն կարծես այդ պարտէզն էր:
Յետոյ, երբ աշխատանքէն յոգնած մութը ճեղքելով կը մօտենայի իրեն, ձեռքիս` մեծ ողկոյզ մը խաղող, պահ մը կը տիրէր լռութիւն:
Պարտէզին մէջ կը տիրապետէր ծղրիթներու բնութեան երաժշտութիւնը միայն:
Այդ պահերուն մենք կը պատմէինք անցեալի մեր անմոռանալի յուշերը, կը խօսէինք մեր երազներուն մասին եւ կը նայէինք աստղալից երկինքին ու անոր զարմանահրաշ գոյութեան:
Մարտիկը, իր ընթերցասիրութենէն ու մտաւոր հետաքրքրութենէն մղուած, նոյնիսկ գիշերուան աստղածորան հանգրուաններուն անունները կը յիշէր եւ կը բացատրէր` կամաւօտ` խոր գիշերուան սկիզբը, Խօթափեալ` գիշերուան ամենախոր, ամենամութ պահը, Ադամամութ, Գիզակ, Լուսակ, Առաւօտ, Լուսափայլ, Փայլածու:
Այս անունները մինչեւ այսօր կը պահեմ մտքիս գանձարանին մէջ` իբրեւ անմոռանալի յուշ մը:
Ոչ միայն որովհետեւ աստղերու անուններն էին անոնք, այլ որովհետեւ Մարտիկին մեղմ ձայնով արտասանուած բառեր էին:
Ու այսօր, երբ երկինք կը նայիմ, այդ անուններէն իւրաքանչիւրը կարծես իր ձայնէն փոքրիկ մաս մը կը վերադարձնէ ինծի:
Այդպէս կը զգամ, որ իսկական ընկերութիւնը չի սահմանափակուիր ժամանակով ու տարածութեամբ: Ան կը շարունակէ ապրիլ յիշողութեան մէջ, երբեմն փոքր մեղեդիի մը մէջ, երբեմն գիրքի մը էջին, երբեմն գեղանկարի մը գոյներուն մէջ, երբեմն հին պարտէզի մը բոյրին մէջ եւ երբեմն ալ աստղածորան երկինքի մը տակ հնչած անունի մը մէջ:
Մարտիկի անգին ընկերնե՛ր, մեզմէ ո՞վ չէ վայելած անոր ընկերային, կուսակցական եւ միութենական գործակցութեան սերտ ոգին, անուշ ժպիտը, ջինջ հայերէն լեզուն եւ համոզիչ ու դաստիարակիչ խօսքերը: Արդեօք ո՞վ գեղանկար մը կամ քաղցր յիշատակ մը չի պահեր մօտիկ անցեալէն` որպէս անմոռանալի կտակ ու մասունք իրմէ:
Մարտիկը պատուական օրինակ էր մեզի համար` իր պատանեկան հասակի օրերէն մինչեւ իր կեանքի մայրամուտին օրը: Ան կուրծք տուաւ անսպասելի հիւանդութեան, կեանքի դժուարութիւններուն եւ յոգնութիւններուն, ուր որ ալ գտնուեցաւ, իր կարողութեան սահմաններուն մէջ եւ աւելի, քարտուղարական հմուտ գրիչով ծառայեց իր պաշտած կուսակցութեան, միութիւններուն եւ ազգին: Միշտ հաւատքով եւ համոզումով եղաւ ազնիւ գաղափարներու եւ աշխատանքի անզիջող ջահակիր մը` բառին բովանդակ իմաստով:
Եւ այս յիշողութեան լուսաւոր անկիւնին մէջ Մարտիկը տակաւին մեզի հետ է:
Մեր մանկութեան փոշիածածկ Այնճարը, մեր պատանեկան օրերը, մեր ընկերական հաւաքները, պարտէզին մէջ հնչած երաժշտութիւնը եւ աստղերուն տակ մեր խօսակցութիւնները մնացին մեր կեանքին մէջ իբրեւ անգին ժառանգութիւն:
Մարտիկին ներկայութիւնը նաեւ հոն է, ուր գեղանկարչական գործ մը կը նկատենք:
Իր եւ ընկերներուն ջանքերով վերջերս կանգնեցուած Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան յուշարձանը միայն քարէ կոթող մը չէ: Ան մեր յիշողութեան, նուիրումի եւ հաւատարմութեան տեսանելի վկայութիւն մըն է: Այնտեղ Մարտիկին եւ իր ընկերներուն` Նշանին, Վարդգէսին, Ճորճին, Հրաչին, եղբօրը` Պօղոսին երազը քարի մէջ մարմին առած է եւ պիտի շարունակէ խօսիլ այն սերունդներուն, որոնք պիտի գան մեզմէ ետք:
Եւ գուցէ հոն է Մարտիկին գեղեցկագոյն ներկայութիւնը` ոչ միայն մեր անցեալին մէջ, այլ նաեւ այն գործերուն մէջ, որոնք կը շարունակեն ապրիլ:
Ուստի, սիրելի՛ Մարտիկ, երբ այսօր կը վերյիշեմ քեզ, չեմ ուզեր քեզ սահմանել բացակայութեամբ:
Դուն կա՛ս:
Դուն կաս մեր մանկութեան մէջ` իբրեւ անմեղ ու հարազատ յիշատակ:
Դուն կաս մեր պատանեկութեան մէջ` իբրեւ ընկերութեան ու եղբայրութեան գեղեցիկ պատկեր:
Դուն կաս երաժշտութեան մէջ` իբրեւ ֆլութի մեղեդի, կիթառի հնչիւն եւ գիշերուան լռութիւնը ճեղքող երգ:
Դուն կաս աստղերու մէջ` այն անուններով, զորս տարիներ առաջ մեզի սորվեցուցիր:
Դուն կաս ու կը մնաս Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան քարէ յուշարձանին մէջ` իբրեւ գործի եւ նուիրումի վկայութիւն:
Եւ ընդմիշտ կը մնաս մեր սրտերուն մէջ` իբրեւ պատկերը այն ընկերոջ, զոր ժամանակը չկարողացաւ հեռացնել մեզմէ:
Որովհետեւ կան յիշատակներ, որոնք չեն հիննար, կան ընկերութիւններ, որոնք չեն հեռանար, եւ կան մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը կը շարունակուի նոյնիսկ այն պահէն ետք, երբ անոնք կը դադրին տեսանելի ըլլալէ:
Մարտի՛կ, դուն այդպիսի՛ յիշատակ մըն ես:
Այդպիսի՛ ընկերութիւն մը:
Այդպիսի՛ ներկայութիւն մը:
Եւ քանի դեռ մեր սրտերուն մէջ կը հնչեն Այնճարի մեր պատանեկան օրերու մեղեդիները, քանի դեռ կը յիշենք սալորի ծառին տակ անցուցած գիշերները, եւ քանի դեռ երկինքին մէջ կը փնտռենք այն աստղերը, որոնց անունները մեզի սորվեցուցիր, այո՛, դուն` Մարտի՛կ, պիտի շարունակես ապրիլ մեր յիշողութեան լուսաւոր կողմին մէջ ընդմիշտ:
Յիշատակներդ անմոռա՛ց, սիրելի՛ ընկեր:
Եւ թող քու անունդ մեր յիշողութեան մէջ մնայ իբրեւ տոկունութեան եւ դիմադրողի հոմանիշ, եւ թող անունդ յաւէտ մնայ ընկերութեան, նուիրումի եւ լուսաւոր ապրումի մը գեղեցիկ մեղեդի:
Թորոնթօ, 2026


