ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հարաւային Կովկասը աստիճանաբար կը վերածուի միջազգային ռազմավարական մրցակցութեան կարեւորագոյն հանգոյցներէն մէկուն: Տարածաշրջանը, որ տասնամեակներ շարունակ գլխաւորաբար կը դիտուէր ռուսական ազդեցութեան գօտիին մէջ, այսօր դարձած է քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթային եւ ռազմական բազմակողմանի ներթափանցումներու թատերաբեմ:
Այս վերադասաւորման մէջ յատկանշական է Մեծն Բրիտանիոյ գործունէութեան աշխուժացումը Ազրպէյճանի մէջ: Լոնտոն իր ներկայութիւնը աստիճանաբար կը փոխադրէ ուժանիւթային ներդրումներու աւանդական շրջանակէն դէպի պաշտպանական արդիւնաբերութիւն, արհեստագիտական նորարարութիւն, փոխադրական ենթակառոյցներ եւ ռազմավարական համագործակցութիւն:
Անցնող սեպտեմբերին, Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին, Բրիտանիոյ պաշտպանութեան պետական նախարար Վերնըն Քոքըր մասնակցեցաւ Ազրպէյճանի պաշտպանական միջազգային ցուցահանդէսին եւ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի քաղաքական ու ռազմական ղեկավարութեան հետ: Քննարկումներուն առանցքը կազմեցին պաշտպանութեան, ռազմական կրթութեան եւ ռազմաարհեստագիտական համագործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւնները:
Քանի մը օր ետք` 6 հոկտեմբերին, երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովը ընդունեց 2026-2027 թուականներու գործողութիւններու ծրագիր մը` ընդգրկելով աւելի քան վաթսուն նախաձեռնութիւն, տասը տարբեր բնագաւառներու մէջ: Միաժամանակ համաձայնութիւն գոյացաւ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթի բնագիրին շուրջ:
Այս զարգացումները պէտք է դիտարկել առաւել լայն քաղաքական շրջագիծի մէջ:
Բրիտանական ներկայութիւնը նոր երեւոյթ մը չէ Ազրպէյճանի մէջ: Անոր տնտեսական հիմքերը կը հասնին մինչեւ անկախութեան առաջին տարիները, երբ BP-ն դարձաւ Կասպից ծովու ուժանիւթային պաշարներու շահագործման միջազգային գլխաւոր դերակատարներէն մէկը:
Ազերի-Չիրակ-Կիւնէշլի հանքավայրերը եւ Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան քարիւղատարը Բրիտանիոյ համար տնտեսական շահերէն անդին` նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն կը ներկայացնեն: Անոնք կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան Եւրոպայի ուժանիւթային աղբիւրները ընդլայնելու, արտաքին մատակարարումներու միակողմանի յենումը նուազեցնելու, Հարաւային Կովկասի մէջ Բրիտանիոյ ազդեցութիւնը ամրապնդելու առումով:
Պաշտպանական արդիւնաբերութեան, ռազմական սարքաւորումներու, թուային ենթակառոյցներու եւ համակարգերու պաշտպանութեան ուղղութիւններով համագործակցութեան ընդլայնումը կրնայ Ազրպէյճանին ընձեռել յաւելեալ արհեստագիտական եւ քաղաքական առաւելութիւններ:
Պէտք է զանազանել երկու իրողութիւն. պաշտպանական համագործակցութեան ընդլայնումը հաստատուած զարգացում մըն է, մինչդեռ բրիտանական ռազմական մնայուն ներկայութեան կամ ապագայ ռազմափորձերուն ուղղակի մասնակցութեան մասին շրջանառուող տեղեկութիւնները ենթադրական բնոյթ կը կրեն տակաւին:
Այսուհանդերձ, հաստատուած զարգացումները արդէն իսկ բաւարար են Հայաստանի համար ռազմավարական նոր գնահատում կատարելու:
2020-ի պատերազմէն եւ 2023-ի Արցախի հայաթափումէն ետք Հարաւային Կովկասի ուժերու հաւասարակշռութիւնը զգալի փոփոխութեան ենթարկուեցաւ: Ազրպէյճան ռազմական յաջողութիւնները կը փորձէ երկարաժամկէտ տնտեսական, դիւանագիտական եւ տարածաշրջանային առաւելութիւններու վերածել:
Միջազգային գործընկերութիւններու ընդլայնումը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի այս քաղաքականութեան մէջ:
Թուրքիոյ հետ ռազմական սերտ համագործակցութեան կողքին, Պաքու յարաբերութիւնները կը զարգացնէ Իսրայէլի, եւրոպական շարք մը երկիրներու, Մեծն Բրիտանիոյ եւ այլ դերակատարներու հետ: Ան կը փորձէ իր դիրքը ամրապնդել` իբրեւ ուժանիւթ հայթայթող, փոխադրական հանգոյց եւ տարածաշրջանային քաղաքական գործընկեր:
Հայաստանի տեսանկիւնէն այստեղ կը յառաջանայ բազմաշերտ մտահոգութիւն:
Առաջին հերթին` Ազրպէյճանի ռազմական կարողութիւններուն յաւելեալ զարգացումը կրնայ խորացնել երկու պետութիւններուն միջեւ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ուժային անհաւասարակշռութիւնը: Ռազմական նոր արհեստագիտութիւններու, հետախուզական միջոցներու եւ պաշտպանական կառավարման համակարգերու ձեռքբերումը կը բարձրացնէ Ազրպէյճանի ռազմական ներուժը, նոյնիսկ եթէ գոյութիւն չունենայ ձեռք բերուած միջոցները անմիջականօրէն Հայաստանի դէմ գործածելու որոշում:
Երկրորդ` տնտեսական խոշոր ներդրումները ազդեցութեան լրացուցիչ միջոցներ կը ստեղծեն միջազգային քաղաքական յարաբերութիւններու մէջ:
Երբ պետութիւն մը տասնամեակներու ներդրումներով, ուժանիւթային պայմանագիրներով եւ ռազմավարական ենթակառոյցներով կապուած է այլ երկրի մը, այդ տնտեսական շահերը անխուսափելիօրէն մաս կը կազմեն անոր արտաքին քաղաքական հաշուարկներուն:
Հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է նկատի ունենայ, որ Պաքուի նկատմամբ որոշ միջազգային դերակատարներու քաղաքականութիւնը կը ձեւաւորուի նաեւ տնտեսական ու ապահովական սեփական առաջնահերթութիւններու ազդեցութեամբ:
Երրորդ` Միջին Միջանցքի զարգացումը կրնայ Ազրպէյճանը վերածել Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Եւրոպա երկարող փոխադրական համակարգին ազդեցիկ հանգոյցներէն մէկուն:
Եթէ Հայաստան դուրս մնայ այդ զարգացումներէն, ան կրնայ աստիճանաբար կորսնցնել տարածաշրջանային տնտեսական վերադասաւորման մասնակցելու կարելիութիւնը:
Բրիտանիոյ եւ Ազրպէյճանի մերձեցումը անպայման չի նշանակեր հակահայկական քաղաքականութիւն: Պետութիւնները իրենց արտաքին յարաբերութիւնները կը կառուցեն սեփական շահերու վրայ: Հայաստանի առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ տեղ ապահովել փոխադարձ շահերու համակարգին մէջ:
Մեծն Բրիտանիոյ տարածաշրջանային հետաքրքրութեան ընդլայնումը Երեւանի համար կրնայ նաեւ նոր կարելիութիւններ ստեղծել` Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ բրիտանական ներդրումներ ապահովելու, արհեստագիտական համագործակցութիւնը խորացնելու, պետական հաստատութիւններու կարողութիւնները զարգացնելու եւ պաշտպանական ոլորտին մէջ միջազգային նոր գործընկերութիւններ ձեւաւորելու ուղղութեամբ:
Սակայն այս կարելիութիւնները գործնական արդիւնքի վերածելու համար անհրաժեշտ է նախաձեռնող, հետեւողական եւ շահերու յստակ գիտակցութեամբ առաջնորդուող դիւանագիտութիւն:
Հայաստան պէտք է միջազգային գործընկերներուն յստակօրէն ներկայացնէ, որ Հարաւային Կովկասի երկարաժամկէտ կայունութիւնը չի կրնար հիմնուիլ Ազրպէյճանի տնտեսական հզօրացման եւ ռազմական կարողութիւններու ընդլայնման վրայ` անտեսելով տարածաշրջանային ուժերու հաւասարակշռութիւնն ու Հայաստանի անվտանգութեան շահերը:
Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը կը հիմնուի փոխադարձ անվտանգութեան, տարածքային ամբողջականութեան անձեռնմխելիութեան պահպանման, ուժի գործադրութենէն հրաժարելու յստակ եւ վստահելի յանձնառութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական զարգացման հաւասար ու արդար պայմաններու ապահովման վրայ:
Մեծն Բրիտանիոյ հետ Հայաստանի երկխօսութիւնը պէտք է կառուցուի այս սկզբունքներուն շուրջ:
Բրիտանական ներկայութիւնը Կովկասի մէջ պատմական նախընթաց ունի: 1918-1919 թուականներուն բրիտանական ռազմական ուժերը տարածաշրջան մուտք գործեցին միջազգային պատերազմի, ռուսական կայսրութեան փլուզման եւ Կասպից ծովու ուժանիւթային պաշարներու շուրջ ծաւալած մրցակցութեան պայմաններուն մէջ:
Այդ պատմութիւնը կը յիշեցնէ, որ մեծապետութիւններու քաղաքական ներկայութիւնը յաճախ կը ձեւաւորուի իրենց ռազմավարական շահերուն համապատասխան եւ կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ` միջազգային նոր իրադրութիւններու ազդեցութեամբ:
Հայաստանի համար գլխաւոր հետեւութիւնը յստակ է` ամրապնդել սեփական պաշտպանական համակարգը, ընդլայնել արտաքին գործընկերութիւններու շրջանակը, գործուն մասնակցութիւն բերել միջազգային տնտեսական ծրագիրներուն:
Հայաստանի դրացի պետութիւնները կ՛ամրապնդեն իրենց տնտեսական եւ ռազմական ներուժը, Երեւան տակաւին իր անվտանգութեան հեռանկարները կը կապէ արտաքին ուժերու խոստումներուն հետ:
Հայաստանի գոյատեւման եւ զարգացման երաշխիքները պէտք է կառուցուին սեփական պետական կարողութիւններուն, դիւանագիտական ճկունութեան եւ ազգային առաջնահերթութիւններու հետեւողական պաշտպանութեան վրայ:
Միջազգային քաղաքականութեան մէջ փոքր պետութեան մը իսկական ուժը կ՛արտայայտուի ո՛չ այնքան դաշնակիցներու թիւով, որքան սեփական շահերը յստակօրէն սահմանելու, վճռակամօրէն պաշտպանելու եւ փոփոխուող աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ զանոնք առաջ մղելու կարողութեամբ:


