Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այզենքոթ Պիտի Կազմէ Իսրայէլի Նոր Կառավարութիւնը

November 9, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ երէկ երեկոյեան Եաշար կուսակցութեան ղեկավար Կատի Այզենքոթին վստահեցաւ Իսրայէլի նոր կառավարութեան կազմութիւնը: Վերջինս խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու ընթացքին ապահոված էր Քնեսեթի 67 անդամներու զօրակցութիւնը, իսկ Նեթանիահուն` 46 անդամներու զօրակցութիւնը:

Հերցոկ Այզենքոթի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Մեծ մարտահրաւէրներ ունինք, որովհետեւ Իրանը պիտի չսպասէ, եւ նաեւ Կազան ու Լիբանանը կան»` շեշտելով. «Պէտք է կազմել կայուն կառավարութիւն մը, որ կարող է մարտահրաւէրները երկար ժամանակ դիմակայել»:

Նշանակեալ վարչապետ Այզենքոթ ըսաւ. «Իսրայէլ արտակարգ կացութեան մէջ է, բաց ճակատներու իրավիճակի մէջ, պատերազմի նպատակները տակաւին չիրագործուեցան, եւ մենք քաղաքական ճգնաժամի մէջ ենք»:

Ան յայտնեց, թէ Քնեսեթի 74 անդամներ յստակ դարձուցած են, թէ ո՛չ նախկին կառավարութեան, ո՛չ ալ անոր ղեկավարին կը վստահին:

«Իսրայէլի պետութեան ստեղծումէն ի վեր քաղաքական ամէնէն բարդ իրավիճակին մէջ կը գտնուինք», նշեց Այզենքոթ:

«Յանձնառութիւն կը ստանձնեմ կազմելու արտակարգ իրավիճակի ազգային կառավարութիւն մը: Կացութիւնը ձգձգում կամ ընտրութիւններու կրկնութիւն չի հանդուրժեր, որովհետեւ Իսրայէլ չի կրնար հարցերու երկարաձգումին կամ անվերջ ընտրութիւններու մէջ այլ փուլի վերադառնալ», նշեց ան:

 

 

Նախորդը

«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք. Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն

RelatedPosts

«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք.  Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական  Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն
Գլխաւոր լուրեր

«Լաչակի Տագնապ»-էն Ետք. Էրտողան Ու Ալիեւը Թուրք-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Ամրութիւնը Կը Շեշտեն

November 9, 2026
Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային  Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող  Առանցքային Երթուղի Է»
Միջազգային

Ֆիտան. «Միջին Միջանցքը Հարաւային Կովկասի Ճամբով Դէպի Թուրքիա Անցնող Առանցքային Երթուղի Է»

November 9, 2026
Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.