Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հայերը կրկին մեղադրեց Արցախի մէջ «քանդումներ կատարելու» յանցանքով:
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Կովսականի եւ Ջրականի շրջաններ տեղափոխուած բնակիչներուն հետ հանդիպումին ընթացքին Ալիեւ պնդեց, որ հայերը 30 տարի շարունակ աւերած են այդ տարածքները:
«Հայերը 30 տարի աւերեցին այս հողերը, քար քարի վրայ չձգեցին: Իսկ մենք ընդամէնը վեց տարուան ընթացքին Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր վերադարձուցինք շուրջ 100 հազար անձեր` անոնց համար ստեղծելով կարելի լաւագոյն պայմանները», յայտարարեց ան:
Ալիեւ անդրադարձաւ նաեւ 2020-ի պատերազմին` պնդելով, որ Ազրպէյճան «վերականգնած է արդարութիւնն ու իր իրաւունքները»:


