Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենաշնորհման Թղթածրարին Մէջ Ուժի Կիրարկման Դիմելէ»

November 9, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Քուլ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանը, շրջանային ու միջազգային շրջադարձերու լոյսին տակ, կանգնած է զգայուն փուլի մը առջեւ:

Ան նշեց, որ երկիրը իր աշխարհագրական դիրքին, ներքին կացութեան ու ազգային միասնական հայեցակարգի բացակայութեան հետեւանքով միշտ ալ եղած է արտաքին ճնշումներու ազդեցութեան տակ, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ ան շրջանին մէջ հակամարտութիւններու եւ կարգաւորումներու գինը վճարէ:

Երեսփոխանը շեշտեց, որ ներքին միասնականութիւնը քայքայման դիմաց պաշտպանութեան առաջին գիծը կը մնայ` կոչ ուղղելով նախկին փորձառութիւններէ դաս քաղելու, Լիբանանի ապագան արտաքին հաշիւներու չկապելու եւ լուրջ քննարկումի ձեռնարկելու պետութեան ապագային, լիբանանեան ձեւաչափին եւ յառաջիկայ մարտահրաւէրները դիմակայելու անոր կարողութեան շուրջ:

Բագրատունի բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալը նկատեց ներկայ փուլի ապահովութեան գրաւականը` շեշտելով բանակն ու անոր դերակատարութիւնը պահպանելու, անոր կարողութիւններն ու կարելիութիւնները նկատի ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

Ան նշեց, որ բանակը իր պարտականութիւնները կատարելու կամքը ունի, սակայն կարգ մը առաքելութիւններ գործադրելու անոր կարողութիւնը կախեալ է իր տրամադրութեան տակ գտնուող կարելիութիւններէն եւ մարտական ու քաղաքական պայմաններէն:

Երեսփոխանը նաեւ յայտնեց, որ պահանջուած նպատակներու, նախ եւ առաջ պետութեան իշխանութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումի անոր մենաշնորհման իրագործումը կը պահանջէ որդեգրումը իրապաշտ մօտեցումի մը, որ նկատի կ՛ունենայ լիբանանեան կացութեան իւրայատկութիւնը` զգուշացնելով, որ առանց ներքին համաձայնութեան ուժի կիրարկումը կրնայ լիբանանեան հասարակութեան բաղադրիչ մասերու հետ բախումի յանգեցնել:

Ան ըսաւ, որ պահանջուածը բանակն ու անոր սկզբունքները պահպանելն ու անոր կարողութիւնները ամրապնդելն է, եւ աշխատանք տանիլը` հասնելու համար ազգային նպատակներուն այնպիսի ձեւով մը, որ կը պաշտպանէ երկրին կայունութիւնը եւ զայն զերծ կը կացուցէ ճգնաժամերէ եւ նոր պառակտումներէ:

Երեսփոխանը այն կարծիքը յայտնեց, որ ամերիկեան յայտարարուած նպատակը Հըզպալլայի զինաթափումն է, եւ ըսաւ, որ Ուաշինկթըն սխալեցաւ, երբ իսրայէլեան նպատակներու համաձայն գործեց, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է չանտեսել իսրայէլեան ախորժակներն ու անոր ծաւալապաշտական ուղղուածութիւնը:

Բագրատունի ըսաւ, որ Հըզպալլան կը զօրակցի պետութեան կառուցման եւ կ՛աջակցի ուժեղ պետութեան ստեղծման, սակայն պատրաստ չէ իր ներկայ կացութեան եւ իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներու պայմաններուն մէջ իր զէնքը յանձնելու:

Ան նշեց, որ ներկայիս սպասողական վիճակ է, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մէջ ընտրութիւններու եւ քաղաքական զարգացումներու լոյսին տակ` նշելով, որ Լիբանանը այս շրջադարձերուն վրայ վճռական ազդեցութիւն չունի, այլ կ՛ազդուի անոնց արդիւնքներէն ու հետեւանքներէն:

Ինչ կը վերաբերի Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին, Բագրատունի յայտնեց, որ դիւանագիտական ընտրանքը չէ աւարտած, եւ բանակցութիւնները, հակառակ մագլցումին, տակաւին կարելի են:

Ան ըսաւ, որ որեւէ մեծ կարգաւորում կրնայ հիմնուիլ իրանեան հիւլէական թղթածրարին վրայ, որուն դիմաց պատժամիջոցներն ու շրջափակումները կը վերցուին, ինչպէս նաեւ կրնայ ներառել այլ թղթածրարներ, որոնց շարքին` Իրանի եւ անոր թեւերուն շրջանին մէջ, ներառեալ Լիբանանի եւ Եմէնի մէջ դերակատարութիւնը:

Խօսելով զինուորական մագլցման հաւանականութեան մասին` Բագրատունի անհաւանական նկատեց յառաջիկայ փուլին լայնածաւալ մեծ պատերազմի մը ծագումը եւ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի մէջ քաղաքական շրջադարձերը կրնան տարբեր մօտեցումի մը առիթ ընծայել եւ զսպել զինուորական անզգուշութիւնը` շեշտելով, որ ուժի կիրարկումը մինչեւ հիմա չիրագործեց այն նպատակները, որոնց համար պատերազմները ծագած են:

Նախորդը

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

RelatedPosts

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն  Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»
Լիբանանեան

Եաշար Կուսակցութիւն. «Այզենքոթ Լիբանանէն Հեռանալու Բանակցութիւններ Չի Վարեր»

November 9, 2026
«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան  Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Պահպանումը Ֆրանսայի Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Դեսպանը

November 9, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.