Չինաստանի Շենժեն քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ սառոյցի վրայ պարի կրան փրիի բաժակը:
Հայաստանը ներկայացնող զոյգը Կարինա Ակոպովա – Նիկիտա Ռախմանին, 4-րդ դիրքը գրաւեց աւարտական հանգրուանին:
Կարճ ծրագիրէն ետք, հայկական զոյգը երրորդ դիրքը կը գրաւէր` լաւ առիթ ունենալով պրոնզէ մետալ մը նուաճելու: Սակայն ազատ ծրագիրի պահուն Ակոպովա – Ռախմանին զոյգը 4-րդ դիրքը գրաւեց` ընդհանուր հաշուով 181,46 կէտ ձեռք ձգելով:
Երրորդ դիրքը գրաւեց ճափոնցի զոյգը` Եունա Նակաոքա – Սումիդատա Մորիկութի, որ հաւաքեց 181,50 կէտ:
Մրցաշարքի ախոյեան դարձաւ Ռուսիան ներկայացնող Անասթասիա Միշինա – Ալեքսանտր Գալիամով զոյգը, 209,84 կէտ ձեռք ձգելով: Արծաթէ մետալ նուաճեց Վրաստանի զոյգը` Անասթասիա Մետիոլկինա – Լուքա Բերուլաւա (198,27 կէտ):


