Կան հարցեր, որոնք պարբերաբար, եթէ ո՛չ տե՛ւաբար, կը վերադառնան մեր ուշադրութեան, կը ստիպեն, որ դարձեալ ու դարձեալ խօսինք անոնց մասին: Ինքնութիւնը այդ հարցերէն մէկն է, յատկապէս` ներկայ ժամանակներուն, այսօրուան ինքնութենամո՞լ, թէ՞ ընդհակառակն` ինքնութենազեղծ կամ ինքնութենազերծ աշխարհին մէջ: Բառերը ընտրելու դժուարութիւնս ցոյց կու տայ հարցին բարդու թիւնը, գէթ` ինծի համար:
Ի՞նչ է տարբերութիւնը խորագիրին երեք բառերուն, կը հարցուէր վերջերս. բառեր, որոնք երբեմն իրարու տեղ կը գործածուին ճիշդ կամ սխալ, զիրար կը լրացնեն յաճախ, երբեմն ալ կը հակադրուին իրարու: Միւս կողմէ ալ անոնց իմաստները այնքան տարբեր կրնան հասկցուիլ մէկ անձէն միւսը, մանաւանդ` տարբեր երբ դուն քու մասի՞դ կը խօսիս, թէ՞ ուրիշին: Չմոռնանք նաեւ, թէ ի՛նչ շրջարկի մէջ պիտի նշուի այդ ինքնութիւնը` անցագրի՞դ, բժշկական քարտի՞դ, թէ՞ վկայականներէդ որեւէ մէկուն մէջ: Իսկ այդ բոլորը չունեցողը, ամեն պարագայի, չունի՞ իր ինքնութիւնը:
Ինքնութիւն: Ինչպէ՞ս սահմանել զայն. ի՛նչ ըլլա՞լդ, ո՛վ ըլլա՞լդ, ի՛նչ տեսակ մէկը ըլլա՞լդ: Թերեւս` բոլորն ալ: Թերեւս` անոնցմէ ոչ մէկը, այլ` ուրիշ բան մը: Փորձենք տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը գոյանայ ինքնութիւնդ:
Ի՞նչ ազդակներէ կը յառաջանայ, կը կազմաւորուի ան: Եւ ո՞րն է առաջին ազդակը: Կը դժուարանամ դարձեալ. ծննդավա՞յրդ է, թէ՞ ծնողքդ: Իսկ դժուարութիւնս կու գայ անկէ, որ մտքիս մէկ ծայրը ինքնութիւնս կը կապուի ազգութեանս: Հայու զաւակ ես, հա՛յ ես, թէ՞ Քանատա ծնած ես, քանատացի ես: Բայց մտածենք ասկէ անկախ` առանց մոռնալու սակայն հաւաքական ինքնութեան իրողութիւնը, որ խարիսխն է անհատական ինքնութեան: Ծննդավայր կամ ծնողք պարզ յղացքներ չեն: Իրենք իրենց կարգին ունին բազմաթիւ ստորոգելիներ, որոնք զիրենք կ՛ընեն այն, ինչ որ եղած են, իսկ ինքնութիւնդ ալ կ՛ազդուի իրենց այդ յատկութիւններէն: Տակաւին, երկուքն ալ կրնան փոխուիլ կամ փոխուած ըլլալ: Հայ ծնողքէ մը ծնած, բայց ֆրանսացի զոյգէ մը որդեգրուած երեխային ինքնութիւնը (ազգային ինքնութիւնը) հայկական պիտի չըլլայ: Նաեւ Ֆրանսա ծնած, բայց Միացեալ Նահանգներու մէջ հասակ առած մանուկը ֆրանսացի պիտի չըլլայ, որքան ալ Ֆրանսայի հետ շատ սերտ ըլլան կապերը:
Որոնք եւ կրնան եւ այդպէս չըլլալ: Ուրեմն ծննդավայրէդ աւելի կարեւորը բնակավայրդ կը դառնայ: Բնակավայր կը նշանակէ` տուն, դրացի, փողոց, թաղ, քաղաք, այլեւ` խաղավայր, դպրոց, մշակոյթ, բնութիւն, շուկայ եւ դեռ շատ բաներ, իսկ ծնողք կը նշանակէ` սնունդ, հոգատարութիւն, երաժշտութիւն, զուարճութիւն, շրջանակ, համայնք եւ դեռ շատ ուրիշ բաներ:
Ինքնութեանդ սահմանումին մէջ բնականաբար մեծ տեղ ունի ուսումդ, թէ՛ նախնական ուսումդ, երբ կը սկսի կազմաւորուիլ աշխարհընկալումդ, եւ թէ՛մասնագիտական ուսումդ, որ, ասպարէզիդ հետ, շատ մեծ չափով կը սահմանափակէ ինքնութիւնդ. բժիշկ է, իրաւաբան է, խողովակագործ է կամ լրագրող է. եկուր եւ ձերբազատիր այդ դասակարգումներէն, նոյնիսկ եթէ բժիշկ ըլլալով հանդերձ երգահան ես, խողովակագործ ըլլալով հանդերձ` վիպասան: Կայ նաեւ այդ ինքնութիւնդ, «ինքնութի՛ւնդ»` եթէ կ՛ուզէք, կառավարելո՛ւ հարցը: Ստանձնա՞ծ ես զայն, կամա՞յ, թէ՞ ակամայ: Ահա խո՜ր մտածումներու տանող հարցում մը:
Այժմ գանք նկարագրին: Նկարագիրդ եւ բնաւորութիւնդ նոյն բա՞նն են արդեօք: Ճշմարտախօ՞ս ես, թէ՞ ստախօս: Պարկե՞շտ, թէ՞ անպարկեշտ: Բարի՞, թէ՞ չար: Աշխատասէ՞ր, թէ՞ ծոյլ: Եւ այսպէս կարելի է թուել նկարագրային բոլոր գիծերը: Ուրկէ՞ են անոնք. ի ծնէ՞ են, թէ՞ ստացական: Ինչպէ՞ս կուտակած ես զանոնք:
Ծնողքիդ օրինակը կարեւոր դեր մը խաղացա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Անոնց վարքը, քեզի հետ ունեցած յարաբերութիւնները, ուրիշներու հետ ունեցած կապերը եւ իրենց ապրելակերպը ընդհանրապէս չե՞ն ազդած
նկարագրիդ կազմաւորման վրայ: Իսկ կրթութի՞ւնդ, դպրոցական շրջանա՞կդ, ընկերակա՛ն շրջանակդ եւ, այսպէս, մարդկային բոլոր առնչութիւններդ դեր մը չե՞ն խաղացած նկարագրիդ վրայ:
Վերջապէս, ի՞նչ է դիմագիծդ: Առաջին հերթին բնախօսական է, չէ՞: Ուղիղ կամ արծուային քիթդ, գանգուռ կամ շիտակ մազերդ, մորթիդ բաց կամ մուգ գոյնը եւ մնացեալ ֆիզիքական յատկութիւններդ դիմագիծ մը կու տան քեզի: Բայց մենք կը սիրենք նաեւ փոխաբերաբար գործածել այդ դիմագիծ բառը եւ, ըստ այնմ, քեզ դատել որպէս մա՛րդ, մե՛ծ մարդ, կարեւոր անձնաւորութիւն կամ հակառակը:
Ի հարկէ քու ալ վարքդ, գործունէութիւնդ, հաւաքական կեանքին մասնակցութիւնդ նոյնպէս կ՛որոշեն, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս կը տեսնեն քեզ: Մտածե՞նք այս բոլորին մասին մինչեւ յաջորդ հանդիպում մը…



