Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ կը ծրագրէ Ազրպէյճան այցելել 8 նոյեմբերին` այդ երկրին մէջ նշուող յաղթանակի (44-օրեայ պատերազմի աւարտի, «Ա.») օրուան առիթով:
«Եթէ արտակարգ հանգամանքներ չստեղծուին, ես կը ծրագրեմ 8 նոյեմբերին Ազրպէյճան այցելել: Յոյսով եմ, որ այցելութեան ծիրին մէջ կարելիութիւն պիտի ունենանք նախաձեռնել անհրաժեշտ քայլերը», Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն ըսած է Էրտողան` լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
Էրտողան յայտնած է, որ արդէն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իլհամ Ալիեւի հետ, ինչպէս նաեւ Պաքու ուղարկած է թրքական հետախուզութեան պետն ու արտաքին գործոց նախարարը:
«Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները շատ աւելին են, քան աւանդական դիւանագիտական հաղորդակցութիւնները: Երկու երկիրներուն միջեւ անխզելի կապը մեր հասարակաց պատմութեան, մշակոյթին, մեր հասարակաց ապագային արդիւնքն է: Չկան այնպիսի արգելքներ, զորս չի կարենար յաղթահարել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի եղբայրութիւնը», վստահեցուցած է Թուրքիոյ նախագահը:
Յիշեցնենք, որ Ալիեւ չէր մասնակցած Թուրքիոյ մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին, որովհետեւ վերջին շրջանին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն ստեղծուած էր` Ազրպէյճանի կրթական հաստատութիւններուն մէջ լաչակ կրելու հետ կապուած բողոքի ցոյցերու ժամանակ թրքական կողմի այդ ցոյցերուն զօրակցող արձագանգի պատճառով:


