Լիբանանեան մարզական աշխարհը իրագործում մը կատարեց միջազգային գետնի վրայ: Երիտասարդներու Ողիմպիական մրցումներուն լուղորդ Թէա Օպէյտ արծաթէ մետալ նուաճեց` աղջկանց 50 մեթր կուրծքի լողի մրցումներուն:
Զտումի մրցումներուն Թէա Օպէյտ 31,98 երկվայրկեան արդիւնք արձանագրած էր` գրաւելով առաջին դիրքը:
Աւարտականին 8 լաւագոյն մարզիկներուն մասնակցութեամբ ճափոնցի Մանա Իշիքաուա 31,76 երկվայրկեան ձեռք ձգեց` 0,23 երկվայրկեանով միայն գերազանցելով Թէա Օպէյտը: Հոնկ Քոնկը ներկայացնող լուղորդ Վույ Քիու Ման պրոնզ մետալ շահեցաւ:
Իր առաջին զրոյցին, Լիբանանի պատուիրակութեան նախագահ եւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի փոխնախագահ Թոնի Հնէյն յայտնեց, որ Թէա Օպէյտ պատմութիւն կերտեց` Լիբանանի համար արձանագրելով երիտասարդներու Ողիմպիական մրցումներու պատմութեան լաւագոյն արդիւնքը:
Նախապէս Լիբանանի լաւագոյն արդիւնքը Ողիմպիական խաղերուն գծով Թայ Քուանտոյի գծով պրոնզէ մետալ մըն էր, զոր շահած էր Միշէլ Սամահա, 2010-ին Սինկափուրի մէջ:


