Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հրապարակեց «Լիբանանի բարեկամներ»-ու հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Մենք` Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Քանատայի եւ Ճափոնի դեսպանատուները, իբրեւ Լիբանանի բարեկամներ, մեր ամուր աջակցութիւնը կը յայտնենք Լիբանանի կառավարութեան` զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու երաշխաւորման մէջ, ինչպէս նաեւ պետութեան` պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումի միակ տէրը ըլլալուն»:
«Առ ի գիտութիւն կ՛ընդունինք Տահր Պայտարի գործին մէջ լիբանանեան իշխանութիւններուն որդեգրած քայլերը եւ կը քաջալերենք արագ ու անկախ արդարադատական հոլովոյթը` հեռու մնալով որեւէ քաղաքական միջամտութենէ, ինչ որ ամբողջական հաշուետուութիւն կ՛ապահովէ», նշեցին դեսպանատուները:
«Ներկայ պայմաններուն մէջ Լիբանանի համար նաեւ անհրաժեշտ է խորհրդարանի բոլոր անդամներէն ու բոլոր կուսակցութիւններէն ստանալ հրապարակային ու յստակ յանձնառութիւն, որուն մէջ կը վստահեցնեն իրենց զօրակցութիւնը հանրապետութեան նախագահին ու վարչապետին յայտարարութիւններուն, թէ լիբանանեան պետութիւնը միայն իրաւունքը ունի պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշում տալու», շեշտեցին անոնք:
Դեսպանատուները նաեւ վերահաստատեցին իրենց «անսասան ցանկութիւնը, որ լիբանանեան պետութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ վերականգնէ իր ամբողջական ու իրողական գերիշխան իշխանութիւնը»:


