Շատ հռչակաւոր ֆութպոլի խումբեր ունեցած են պատմական ակադեմիաներ, որոնք սերունդէ-սերունդ ֆութպոլիստներ պատրաստած են:
Պատմական ակադեմիաներէն կարեւորագոյնն էր Այաքս Ամսթերտամի ակադեմիան, որ 1960-ականներէն մինչեւ վերջերս շատ լաւ սերունդներ պատրաստած է:
Եոհան Քրոյֆ, Մարքօ Վան Պասթեն, Տենիս Պերկքամփ, Ֆրանք Ռայքարտ, Էտուին Վան Տէր Սար, Քլարենս Սիտորֆ, Էտկար Տաւիտս, Փաթրիք Քլայվերթ, Ուեսլի Սնայտըր, մինչեւ Մաթայս Տէ Լիխթ:
Վերջին սերունդը, որ 2010 թուականին աւարտեց ակադեմիան, իր մէջ ունէր Ռայըն Կրավենպերխը եւ Եուլիան Թիմպըրը: Պէտք է նշել սակայն, որ Այաքս Ամսթերտամ, որ 2022-էն ի վեր չէ կրցած շահիլ Նետերլանտներու ախոյեանութիւնը ակադեմիային գծով, նահանջած է:
Շատ պատճառներ կրնան ըլլալ Այաքսի ակադեմիային վերջին 8 տարիներուն ձախողութեան:
Վստահաբար աննպատակ ակադեմիայի աշխատանքը կ՛ազդէ հիմնական խումբին վրայ, մանաւանդ որ եթէ լաւ խումբ չունենաս, ակադեմիան շատ մասնակիցներ չունենար: Վստահ երբ քանակը նուազ ըլլայ, որակին վրայ ալ կ՛ազդէ:
Նկատելի է վերջերս, որ սպանական ակադեմիաները շատ յառաջդիմած են, եւ ատիկա նկատելի է բոլոր մակարդակներուն վրայ տղոց թէ աղջկանց սպանական խումբերու յաջող արդիւնքներուն ընդմէջէն:



