ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 12-րդ խորհրդաժողովի նախօրեակին՛ 2-4 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Երեւանի մէջ գումարեց 2023-2027 քառամեակի իր չորրորդ լիագումար նիստերը:
Եռօրեայ նիստերուն ընթացքին, Կեդրոնական վարչութիւնը գնահատումը կատարեց անցնող մէկ տարուան իր ունեցած բեղուն գործունէութեան, որուն գլխաւոր արտայայտութիւնները եղած են.- ՀՄԸՄ-ի առաջին նաւապտոյտը, քարոզչական Ա. համագումարը, սկաուտական «Արարատեան» կարգի կազմակերպումը, Համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ բանակումը, «Հայ մարզիկի օր»-ուան նշումը Հայաստանի մէջ, «ՀՄԸՄ-ի Արցախ» հիմնադրամին աշխատանքները, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին հրատարակութիւնը, 46 տարուան թիւերուն թուայնացումը եւ մատենագիտութեան պատրաստութիւնը, քարոզչական մարզի լայնածաւալ աշխատանքները (գրասենեակի եւ գործավարութեան ստեղծում, եռալեզու կայքէջ, ե-լրատու, Ազգային գրադարանի եւ արխիւի հետ կապերու մշակում), ինչպէս նաեւ Շրջանային եւ Մեկուսի վարչութիւններու ատենապետներու, սկաուտ խմբապետներու եւ քարոզչական պատասխանատուներու առցանց հանդիպումները:
Կեդրոնական վարչութիւնը գնահատանքով արձանագրեց հայերէնի անվճար դասընթացքներու կազմակերպումը ՀՄԸՄ-ի Պուլկարիոյ սկաուտներուն համար, սկաուտական «Վկայեալ» կարգի իրագործումը Աւստրալիոյ մէջ եւ սկաուտական մարզի աշխուժացման համար իրականացուող գործուղումները Ֆրանսայի մէջ: Անդրադարձաւ նաեւ յառաջիկայ տարի նախատեսուող միջշրջանային երեք մարզախաղերուն` Պուէնոս Այրէսի (Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ համար), Փարիզի (Եւրոպայի շրջաններու համար) եւ Հալէպի մէջ (Միջին Արեւելքի շրջաններուն համար):
Կեդրոնական վարչութիւնը վերահաստատեց ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղին իր մնայուն աջակցութիւնը եւ ողջունեց միջազգային սկաուտութեան եւրոպական տարածաշրջանին կարեւոր մէկ համաժողովին կազմակերպումը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին վստահելու որոշումը: Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ գարնան, Երեւանի մէջ:
Վերջապէս, Կեդրոնական վարչութեան նիստերը քննարկեցին միութեան կազմակերպական, տնտեսական, երիտասարդական եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզերուն առնչուած օրակարգի կէտեր եւ տուին համապատասխան որոշումներ:
Յայտնենք, որ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նիստերուն յաջորդեցին ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 12-րդ խորհրդաժողովին նիստերը, որոնք երկու օրուան տեւողութեամբ` 5 եւ 6 նոյեմբերին, կը կատարուին Երեւանի մէջ, միութեան 24 շրջաններէն աւելի քան 40 պատասխանատուներու մասնակցութեամբ:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


