Նախագահութեամբ Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղի վարչութեան, հինգշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Քնար» պարախումբի եւ «Կարէն-Սեւակ» նուագախումբի «Արմատներու կանչը» ելոյթը` ներկայութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքներու հոգեւոր պետերուն, հոգեւորականներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, կառոյցներու տնօրէններու եւ արուեստասէր հայ թէ տեղացի հանդիսատեսներու:
«Քնար» պարախումբի եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի գեղարուեստական ղեկավարներն են պարուսոյցներ Ժագլին եւ Կարէն Մակինեաններ: Համազգայինի յատուկ հրաւէրով Լիբանան ժամանած «Կարէն-Սեւակ» նուագախումբը կենդանի երաժշտական կատարումներով նշեալ ելոյթին բերաւ իր կարեւոր ու աննախընթաց մասնակցութիւնը:
Ելոյթի առաջին արարին «Քնար»-ի անդամները ներկայացուցին «Կեների կանչ», «Զարդ», «Սասնայ պար»-ը, «Էրզրումի շորոր», «Տօնական», «Ծաղկեփունջ», «Սէր Քոչարի» («Գայեանէ» պարի դպրոցի «Աստղեր» խումբ), «Արաբական» պարերը նաեւ` «Արարատ» նուագը («Կարէն-Սեւակ» նուագախումբ) եւ «Բերդ» պարը:
Երկրորդ արարով ներկայացուեցան «Արմենիա», «Արաքս», «Զատիկ» («Գայեանէ» պարի դպրոցի «Քնարիկներ» խումբ), «Հայկական գոյներ», «Հարսի պար», «Շուշի», Արցախի գոյներ» («Գայեանէ» պարի դպրոցի «Սեւան» խումբ), եւ «Կարսի երկնքում» պարերը:
Աւարտին պարային ելոյթին մասնակցող աւելի քան հարիւր անդամները ներկայացուցին աւարտական եզրափակիչ պարը, որ կը կրէր «Քոչարի» անունը, եւ միասնականութեան, հաւաքական կամքի ու արմատներուն կառչուածութեան յստակ պատգամ կը փոխանցէր:
Պարային ելոյթի հանդիսավարներն էին Վարդան Ազնաւուրեան եւ Անի Պարիկեան, որոնք պարբերաբար ներկայացուցին խումբերը, յայտագիրը եւ օրուան խորհուրդը:
Յայտնենք, որ հանդիսութեան սկզբնաւորութեան ներկաներուն բաժնուեցան գրքոյկներ, որոնց մէջ ներկայացուած էր Համազգայինի «Քնար» մասնագիտացած մասնաճիւղին խօսքը, որուն մէջ գրուած է. «Այսօր աւելի քան երբեք վտանգուած են մեր արմատները` ազգային պատկանելիութիւնը, մշակութային ժառանգութիւնը, հայու նկարագիրը եւ դիմագիծը: Եթէ անցեալին սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ պարտաւոր էինք հետեւելու մեր արմատներու կանչերուն, ներկայիս, ցաւ ի սիրտ, այդ կանչերուն կարիքն ունին նաեւ Հայաստանի մէջ բնակող հայերը, որոնք օրըստօրէ կը հեռանան մեր արմատներէն: Այս շրջագիծին մէջ, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, Համազգայինը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ հետեւելու հիմնադիրներու կանչերուն, ի խնդիր ժառանգութեան եւ հայրենիքի պահպանութեան եւ գոյատեւման»: Ապա կ՛ըսուի. «Նշեալ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման կանգնելու համար, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը «Քնար» պարախումբի այս ելոյթը կոչած է «Արմատներու կանչը», որ նոյնինքն զգաստութեան կոչ է, արմատներուն կարեւորութեան շեշտադրում է, արժէքներուն վերադառնալու հրաւէր է»:
Պարախումբ-նուագախումբ գործակցութիւնը, գեղարուեստական որակը, համաչափութիւնը, մասնակցողներու թիւը, տարազներու գունաւորումները, բեմին արդիական համակարգչային ձեւաւորումները, ազգային դիմագիծը եւ պարողներուն խանդավառութիւնը հանդիսատեսներուն պարգեւեցին պարարուեստի բարձրորակ կատարում եւ յուշեցին արմատներուն կանչերուն հետեւելու անժամանցելի մարտահրաւէրը:






