Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ընթացք Առաւ Եկեղեցիներու Եւ Միջեկեղեցական Կառոյցներու Ընդհանուր Քարտուղարներու Համաժողովը

November 5, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 նոյեմբեր 2026-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ընթացք առաւ եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարներու համաժողովը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 6 նոյեմբեր:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հրաւէրով կայացող այս համաժողովին կը մասնակցին 25 ընդհանուր քարտուղարներ` Զուիցերիայէն, Դանիայէն, Անգլիայէն, Վատիկանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Հնդկաստանէն, Սկովտիայէն, Իտալիայէն, Պաղեստինէն, Լեհաստանէն, Քանատայէն, Քոլոմպիայէն եւ Պրազիլէն: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան: Երկու տարին անգամ մը տեղի գումարուող այս համաժողովին մաս կը կազմեն գլխաւոր եկեղեցական ընտանիքներու ու միջեկեղեցական կառոյցներու ընդհանուր քարտուղարները:

Համաժողովի բացման նիստին Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայացուց «Միջեկեղեցական շարժումը դիմագրաւող մարտահրաւէրները» նիւթով դասախօսութիւն մը, որուն ընթացքին ան առաջին հերթին անդրադարձաւ Անթիլիասի կաթողիկոսարանին` իբրեւ երկխօսութեան վայր, թէ՛ միջեկեղեցական եւ թէ՛ միջկրօնական իմաստով: Ան դիտել տուաւ, թէ ներկայ աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է, որ հարցերը քննարկուին եւ լուծման առաջնորդող ճամբաներ որոնուին փոխադարձ հասկացողութեան ու յարգանքի մթնոլորտի մէջ: Կաթողիկոսը հաստատեց, որ, հարցերուն ու տագնապներուն մօտենալու իր լայնախոհութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունենալ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական մարզերուն մէջ: Շարունակելով իր խօսքը` ան ըսաւ, որ էքիւմէնիզմի ներկային ու ապագային մասին խօսիլ կը նշանակէ նախ անդրադառնալ համաշխարհայնացած աշխարհի ներկայ կացութեան, իր դրական ու բացասական երեսներով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան: Այս երկու ազդակներու ազդեցութիւնը առանցքային է էքիւմէնիք շարժումին վրայ:

Անդրադառնալով եկեղեցւոյ ինքնահասկացողութեան` հայրապետը շեշտեց, որ հարկ է, որ վերարժեւորումի ենթարկուի եկեղեցաբանութիւնը ներկայ աշխարհի պայմաններուն լոյսին տակ: Հարց տալով, որ ներկայ դարուն ի՞նչ տեսակ Եկեղեցի կ՛ուզենք` վեհափառը շեշտեց, որ Եկեղեցին ո՛չ թանգարան է եւ ո՛չ ալ հաստատութիւն, այլ էապէս առաքելութիւն է: Հետեւաբար, Եկեղեցին ինքզինք ըլլալու ու իրագործելու մնայուն ընթացքի մէջ է. Եկեղեցին հաւատքի համայնք է` հիմնուած Քրիստոսի ուսուցումներուն վրայ. Եկեղեցին ճիշդ չէ վայրի մը հետ նոյնացնել, որովհետեւ ան առաքելութիւն է. Եկեղեցին իր էութեամբ դէպի ժողովուրդ ուղղուած ծառայութիւն է. Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը հարկ է, որ ըլլայ համահունչ տուեալ պայմաններուն ու կարիքներուն: Նոր ժամանակներու եկեղեցաբանութեան ընդհանուր վերլուծումը կատարելէ ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ Եկեղեցին կոչուած է իր պատէն, ծէսէն, դաւանանքէն ու վարչակազմակերպչական դրութենէն անդին երթալու` դառնալով ծառայական ներկայութիւն ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ ճշմարտութեան, արդարութեան, սիրոյ ու խաղաղութեան վկան ու ջատագովը:

Իր դասախօսութեան երկրորդ բաժնին մէջ վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց էքիւմէնիք շարժումին դիմագրաւած մարտահրաւէրները` շեշտելով էքիւմէնիզմը հաստատութենական դրութեան գերին չդարձնելու անհրաժեշտութիւնը եւ զայն դէպի ժողովուրդ գացող շարժումի մը վերածելու հրամայականը: Հետեւաբար, էքիւմէնիզմը կոչուած է վերատեսութեան ենթարկելու աւանդական մօտեցումները, յղացքները, ոճերն ու մեթոտները եւ մշակելու այնպիսի մօտեցման եղանակներ, որոնք կը համապատասխանեն ներկայ իրականութիւններուն, ընդգծեց վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց եկեղեցւոյ միութենէն անդին համապարփակ տեսլական ունենալու կարողութիւնը. տեսլական մը, որ կը կամրջէ տեղականն ու միջազգայինը, եկեղեցին ու ընկերութիւնը` ընդլայնելով էքիւմէնիք շարժումին օրակարգն ու հայեցակարգը:

Արամ Ա. կաթողիկոսի շարք մը հարցադրումներ ու վերլուծումներ կատարեց` իր երկար տարիներու էքիւմէնիք փորձառութեան լոյսին տակ, իսկ եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտեց էքիւմէնիզմին կարեւորութիւնը` ըսելով, որ Եկեղեցին չի կրնար ապրիլ ու վկայել ինքնագոյ ու ինքնանպատակ կերպով: Հակառակ իրենց ունեցած աստուածաբանական, դաւանաբանական, ծիսական ու վարչական տարբերութիւններուն, եկեղեցիները կոչուած են իրարու հետ ըլլալու, միասին աղօթելու, միասին մտածելու, միասին տագնապելու ու անհրաժեշտութեան պարագային միասին պայքարելու` ի խնդիր արդարութեան ու ճշմարտութեան յաղթանակին:

Նախորդը

«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով

Յաջորդը

Սուգ` Սպանիոյ Մէջ

RelatedPosts

«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով
Գաղութային

«Նոա՛զ Արք» Արուեստի Ցուցասրահի Նորագոյն Ցուցահանդէսը` «Մեծարանք Արուեստագէտներու Եւ Ճարտարապետներու» Թեմայով

November 5, 2026
Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը  Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Նշէ Հայաստանի Անկախութեան 35-Ամեակը

November 4, 2026
Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը
Գաղութային

Հայկազեան Համալսարանը Նշեց 2026-ի Գիրքի Օրը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.