Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յաջորդ փուլը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի կատարուի Սիւնիքի` «Թրամփի ուղի»-ի կառուցման հատուածներուն մէջ: Այս մասին ըսաւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան` շեշտելով, որ այդտեղ արտակարգ սահմանազատման հաւանականութիւնը մեծ է, որովհետեւ «Թրամփի ուղի»-ն պէտք է արագ իրականանայ:
«Ես կարծում եմ, որ շատ հաւանական է, որ արտահերթ անցկացուեն սահմանազատման աշխատանքներ, որոնք վերաբերելի կը լինեն «Թրամփի ուղի»-ի ենթակառուցուածքներին, որպէսզի հնարաւոր լինի ե՛ւ կազմակերպել, ե՛ւ իրականացնել աշխատանքները», յայտնեց ան, որ ներկայիս նաեւ կը ղեկավարէ սահմանազատման հայկական յանձնախումբը:
Գրիգորեան նաեւ յայտնեց, որ կառավարութիւնը, չսպասելով «Թրամփի ուղի»-ի զարգացման ընկերութեան ձեւաւորման, կը պատրաստուի սկսիլ Սիւնիքով անցնող երկաթուղիի, մայրուղիի եւ ելեկտրահաղորդակցութեան գիծերու նախագծման աշխատանքներուն, որոնք հետագային պիտի փոխանցուին ընկերութեան:
Ըստ անոր, թէ յստակ ուրկէ՞ կ՛անցնին այդ ենթակառուցուածքները, դեռ որոշուած չէ: «Հիմա գծագիրներն ենք նայում, լաւագոյն տարբերակը: Պիտի ամենալաւագոյն տարբերակը գտնենք, որպէսզի ներդրումն արդիւնաւէտ լինի, ենթակառուցուածքը մրցունակ լինի տարածաշրջանում», յայտնեց փոխվարչապետը:
Թէեւ սահմանազատման աշխատանքները բաւական ժամանակ է չեն շարունակուիր, բայց եւ այնպէս, Գրիգորեանի համաձայն, յաջորդ փուլին վերաբերեալ կողմերը դեռ պայմանաւորուածութիւն չունին:
«Յաջորդ փուլի աշխատանքների հետ կապուած չունենք պայմանաւորուածութիւն, բայց կարծում եմ` շուտով կը լինի, կը քննարկենք», ըսաւ ան:
2024-ի գարնանը Տաւուշ-Ղազախ հատուածին մէջ մօտ 12 քիլոմեթր սահմանազատելէ ետք Երեւանն ու Պաքուն պայմանաւորուեցան աշխատանքները հիւսիսէն հարաւ շարունակել: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչը խոչընդոտեց միւս հատուածներուն մէջ սահմանազատման շարունակութեան, փոխվարչապետը պնդեց` խոչընդոտ չկայ, թէեւ ընդունեց, որ գործընթացը դանդաղած է:
«Դանդաղել է, այո՛, համաձայն եմ: Կայ կանոնակարգ եւ իրաւական հիմք, եւ աշխատանքն աւելի շատ պէտք է լինի թեքնիք եւ տեղագրական, քան բարդ իրաւական գործընթացներ», նշեց Գրիգորեան:
Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ունին շուրջ 1000 քիլոմեթր երկարութեան ընդհանուր սահման:


