Մոսկուան յոյս ունի, որ «3+3» խորհրդատուական շրջանային ձեւաչափի (Ազրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան+Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Այս հարթակի մասնակիցները համաձայնած են յառաջ մղել միաւորող օրակարգը: Յոյս ունինք, որ մօտիկ ապագային տեղի կ՛ունենայ այս ձեւաչափով հերթական հանդիպումը», Եւրասիական անվտանգութեան Մինսքի 4-րդ միջազգային խորհրդաժողովի բարձր մակարդակի լիագումար նիստի ընթացքին ըսած է Լաւրով:
Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 2020 թուականին Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ համագործակցութեան հարցերով խորհրդակցութիւններու վեցակողմ ձեւաչափ գործարկել առաջարկած են: Վրաստանին բազմիցս հրաւիրած են մասնակցելու այս ձեւաչափին, սակայն ան տակաւին չէ միացած անոր աշխատանքին:
Դեկտեմբեր 2021 թուականին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ հարթակի առաջին նիստը` արտաքին գործոց նախարարներու տեղակալներու մակարդակով: Ձեւաչափի երկրորդ հանդիպումը, որ նաեւ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով առաջինն էր, տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2023-ին, Թեհրանի մէջ:
Այս ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 18 հոկտեմբեր 2024-ին, Պոլսոյ մէջ:


