Հայաստանի ֆութսալի ախոյեան Եունիսփորթ բաւական լաւ փորձառութիւն ունեցաւ մասնակցելով իր առաջին «Չեմփիընզ լիկ»-ին:
Արդարեւ, Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած Զ. խմբակի մրցումներուն, Եունիսփորթ իր առաջին մրցումին պարտուելէ ետք Քաունօ Ժալկիրիս խումբէն, կրցաւ 5-3 արդիւնքով յաղթել Տիֆերտանկին (Լիւքսամպուրկ), ապա 6-2 արդիւնքով յաղթեց Յունաստանի Տուքաս խումբին, բայց 1 կէտով ետ մնալէ ետք Լիթուանիոյ ախոյեան Քաունոյէն դուրս մնաց մրցաշարքէն:
Պէտք է ըսել, որ ասիկա շատ լաւ փորձառութիւն էր ախոյեան Եունիսփորթին համար, որ առաջին մրցումին ազդուած էր գլխաւոր մարզիչի բացակայութենէն, բայց ինքզինք վերագտած էր յաջորդ երկու մրցումներուն` պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգելով:


