Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Թեհրան «Թրամփի ուղի» ծրագիրին վերաբերող լուրջ մտահոգութիւններ ունի եւ Հայաստանէն կ՛ակնկալէ հաւաստիացումներ, որ հայ-իրանեան սահմանին եւ անոր յարակից տարածքներուն մէջ որեւէ երրորդ երկրի ուժերու ներկայութիւն պիտի չըլլայ:
«Հայաստանի պաշտօնատարները բարձրագոյն մակարդակով բազմիցս հաստատած են այդ վստահութիւնը, հաստատած են, որ նմանօրինակ որեւէ նախադէպ պիտի չըլլայ: Ճիշդ այդ փոխադարձ վստահութիւնն ալ մենք այդ հարցին մէջ կ՛ընդունինք իբրեւ այն երաշխիքը, որով երբեք այս ծրագիրը պիտի չշեղի իր ուղիէն ու որեւէ վտանգ պիտի չստեղծէ Իրանի համար», յայտնեց դեսպանը:
Շիրղոլամի անգամ մը եւս ընդգծեց Իրանի դիրքորոշումը` Թեհրանի համար կարեւոր է, որ պահպանուին եւ յարգուին Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը, «ինչպէս նաեւ որեւէ երրորդ կողմ պէտք չէ կարենայ որեւէ հարց կամ մարտահրաւէր ստեղծել երկու երկիրներու խոր եւ ռազմավարական յարաբերութիւններուն մէջ»:
Իրանի դեսպանը կարեւոր նկատեց երաշխիքներու տրամադրումը, որ «օտար ուժերու ռազմական ներուժը տուեալ ծրագիրի շրջանակին մէջ ներկայ պիտի չգտնուի»:
Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ արդեօք նախատեսուա՞ծ է Հայաստանի ու Իրանի միջեւ միացեալ ծրագիր, որ հսկողութիւն պիտի ստեղծէ այդ ընթացակարգը կառավարելու համար` դեսպանը ըսաւ. «Այո՛, մենք կը փափաքինք ունենալ նմանօրինակ կայուն քննարկումներու որեւէ ձեւաչափ, որ պիտի օգնէ թէ՛ քննարկելու այս ծրագիրին շրջանակներուն մէջ ծագող որեւէ հարց եւ թէ՛ որեւէ խնդիր յառաջանալու պարագային պիտի կարենանք շատ արագօրէն լուծել որեւէ մարտահրաւէր»:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի խորհրդարանը 63 թեր, 32 դէմ ձայնով վաւերացուց «Թրամփի ուղի»-ին վերաբերեալ հայ-ամերիկեան ռազմավարական համաձայնագիրը:


