Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանայ, անորոշ է տակաւին համախոհական կառավարութեան կազմութիւնը: Նոր ընտրութիւններ պահանջող գործող վարչապետը, յայտնաբար դժգոհ արդիւնքներէն, կ՛աշխատի այնպիսի կառավարութիւն կազմել, որուն միջոցով կարենայ անարգել շարունակել իր յայտարարած առաջադրանքները, յատկապէս` «Իրանի գոյաբանական վտանգազերծում»-ի գործողութիւնները: Տակաւին իր քաղաքական ասպարէզի ճակատագիրը չճշդած, Նեթանիահուն կ՛ուզէ Իրանի դէմ կատարուելիք յարձակումները զուգակցել Լիբանանի ուղղութեամբ պատերազմական գործողութիւններ սանձազերծելով: Անօդաչու սարքերն ու հրթիռային յարձակումները այս օրերուն բազմացած են լիբանանեան տարբեր շրջաններու ուղղութեամբ:
Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ փոխզօրակցական յայտարարութիւններով նոյն վտանգը արմատախիլ ընելու համահունչ հրապարակումներ կը կատարեն: Միացեալ Նահանգներու նախագահը ընտրութիւններէն ետք, տասը վայրկեանի սահմաններուն մէջ կատարուելիք ռազմական յարձակումներով կը խոստանայ հարցը ընդմիշտ լուծել` կեդրոնանալով Իրանի հիւլէական ծրագիրը չէզոքացնելու վրայ: Այսօրուան ընտրութիւններու պատկերը կրնայ փոխել ամերիկեան մօտեցումները, անկախ անկէ, որ նախագահին յայտարարութիւնները շատ արագ փոփոխութեան կ՛ենթարկուին, անելանելի ոլորապտոյտի մէջ հրելով գործընթացները:
Թէ՛ բանակցութիւններու եւ թէ՛ պատերազմի պատրաստ ըլլալու ուղերձներ կը փոխանցէ պաշտօնական Թեհրանը: Ուղղակի մատնացոյց կ՛ընէ բուն հանգոյցը եւ կը խօսի Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու իր պայմաններուն մասին: Կը նկատէ երանգային տարբերութիւններ Միացեալ Նահանգներու նախագահին ու փոխնախագահին կատարած յայտարարութիւններուն միջեւ, բայց մանաւանդ կը բանաձեւէ իր նախապայմանները Հորմուզը վերաբանալու համար:
Այսպէս.
– Իսլամապատի յուշագիրէն ետք դրուած պատժամիջոցներու վերացում:
– Տարածաշրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու զօրքերու կրճատում:
– Վերականգնում անհրաժեշտ արտօնութիւններու, որոնք թոյլ տուած էին Իրանին նաւթ վաճառել:
– Բոլոր սառեցուած իրանական միջոցներու ապասառեցում, ներառեալ Քաթարի մէջ պահուողները:
– Իրանի եւ Օմանի միջեւ քննարկուած նաւագնացային ուղիներու ճանաչում եւ անոնցմէ դուրս անցնող միւս բոլոր ուղիներու փակում:
Նախ արձանագրենք, որ այստեղ կը նշուին երեք միջնորդներ` Փաքիստան, Քաթար եւ Օման: Նախապայմաններուն մէջ կան Իսլամապատի համաձայնութենէն առնուած կէտեր, բայց Փաքիստանը իբրեւ միջնորդ այստեղ անցեալի կարգավիճակ ունի: Անցեալ է նաեւ Օմանը, որուն միջնորդութեամբ կայացուած համաձայնութիւնը յարգելու նախապայման կ՛արծարծէ Թեհրանը: Եւ կայ այժմու միջնորդը` Քաթարը, որուն միջնորդական առաքելութիւնները փոխարինուած էին միւս երկուքով, սակայն հիմա դարձեալ Տոհան կը վերստանձնէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը:
Միջնորդներու այս յարափոփոխութիւնը իր տրամաբանութիւնը ունի անշուշտ. միջնորդը պէտք է ընդունելի ըլլայ հակամարտող երկու կողմերէն: Այդ չի նշանակեր անպայման, որ այս պարագային միւս երկու միջնորդները շարքէն դուրս բերուած են: Փաքիստանը աշխուժ մասնակից է Մեքքայի դաշինքին: Թուրքիան պաշտօնապէս առկայ չէ, սակայն Տոհայի վրայ իր ունեցած կշիռը տեսանելի է: Իսրայէլը այս փուլին կրնայ Տոհայէն այնքան ալ գոհ չըլլալ, որովհետեւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արաբական շրջանակներու հաւաքած քուէներուն պատկերին արձագանգելով` ամբաստանեց արաբ քաղաքական շրջանակները քաթարեան եւ թրքական կեդրոններու հետ կապուած ըլլալու յանցանքով:
Իրանը բանակցելու իր պայմանները փոխանցելէ ետք կը զգուշացնէ Ուաշինկթընը չդիմելու լայնածաւալ յարձակումի, աւելցնելով, որ պատրաստ է համարժէք պատասխանի, եւ թէ աշխարհագրութիւնը իմաստ չունի հակադարձութեան գործողութիւններու ծրագիրին մէջ:
Ուշագրաւ է, որ Հորմուզը փակ ըլլալով հանդերձ, միջանցքային արահետներ կ՛աշխատին, եւ նաւթի արտահանման ուղիներ փաստօրէն բաց են, որովհետեւ Իրանի մէկ նախապայմանը այդ ուղիներու փակումն է: Յարակից ուղիներու վրայ վերահսկողութիւնը ներկայ պահու դրութեամբ Իրանին չի պատկանիր փաստօրէն:
Իրանը դիւանագիտականօրէն կը յիշէ նախկին պայմանաւորուածութիւնները` Փաքիստանի եւ Օմանի միջնորդութեամբ կայացած, եւ կ՛ընդունի Տոհայի երաշխաւորութեամբ նոր պայմաններով բանակցիլ եւ վերաբանալ Հորմուզը: Թրամփը կը խօսի տասը վայրկեան տեւող յարձակումներու մասին, Հորմուզը վերաբանալու համար:
Դժուար է պատկերացնելը, որ 22 փետրուարին սկսած պատերազմը տասը վայրկեանէն աւարտի: Աւելի իրատեսական է Թեհրանի տուած ժամկէտը: Եթէ 5 կէտերը յարգուին, երկու օրէն կը վերաբացուի Հորմուզը:
«Ա.»


