ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Ծերութեան խորունկ կնճիռներուն ետին երբեմն կը պահուին ամէնէն վառ ու կրքոտ պատմութիւնները: Այս ճշմարտութեան լաւագոյն վկայութիւնն էր Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային ժապաւէնի փառատօնի 2026 տարեշրջանի ամէնէն յուզիչ ու տպաւորիչ իրադարձութիւններէն մէկը` Իննա Սահակեանի եւ Ռուբէն Ղազարեանի համատեղ հեղինակած «Վերապրել Շէյքսփիրին» (Outliving Shakespeare) ժապաւէնը: «Արշալոյսի լուսաբացը» (Aurora’s Sunrise) ցնցող գլուխ գործոցէն ետք, Սահակեան դարձեալ կը վերադառնայ մարդկային վերապրումի եւ յիշողութեան բնաբաններուն, սակայն այս անգամ` բոլորովին տարբեր, առաւել անմիջական, ջերմ ու քնարական լեզուամտածողութեամբ:
Ժապաւէնը մեզ կը տանի Երեւանի Նորքի խարխուլ, խորհրդային շրջանէն մնացած ծերանոցը, ուր թատերական բեմադրիչ Գառնիկ Սէյրանեանը կազմած է «Թարմանի» թատերախումբը` բնակիչներուն հետ բեմադրելու համար «Շէյքսփիրի մեղքերը» ինքնատիպ ներկայացումը: Մեր ընկերութիւնը յաճախ կը լուսանցքայնացնէ կամ մոռացութեան կը մատնէ տարեցները` զանոնք զրկելով ապրելու, սիրելու եւ արտայայտուելու իրաւունքէն: «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը կը ջնջէ այս անարդար սահմանը: Ժապաւէնին բեմադրիչները անհաւատալի ջերմութեամբ ու յարգանքով կը ներկայացնեն ծերանոցի հերոսները. Լիգիան, որ միշտ «պրիմա» դերասանուհի է իր հոգիով, կրակոտ Անահիտը, դերասան Սուրէնն ու մանաւանդ բեմադրիչ Գառնիկը: Հերոսները «խնամքի կարօտ ծերեր» չեն, այլ` կրքոտ, կատակասէր, վիրաւոր, բայց արժանապատուօրէն ապրող անհատականութիւններ, որոնք թատրոնի միջոցով կը վերագտնեն իրենց ձայնն ու գոյութեան իմաստը:
Այն, ինչ որ այս ժապաւէնը կը բարձրացնէ սովորական վաւերագրութենէն, անոր գեղարուեստական բացառիկ որակն ու տեսողական լեզուն է: «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը դիտելու ընթացքին հանդիսատեսը գրեթէ կը մոռնայ, թէ վաւերագրական ժապաւէն կը դիտէ. անիկա ունի` գեղարուեստական, բեմադրուած ժապաւէնի մը վայելչութիւնը, կշռոյթն ու խորութիւնը: Այս բոլորին հիմնական շունչ տուողը երիտասարդ շարժանկարիչ Բագրատ Սարոյեանի ապշեցուցիչ ու չքնաղ լուսանկարչութիւնն է. տեսախցիկը չի ներխուժեր, այլ դռներու շրջանակներէն ու պատուհաններէն դուրս, լոյսի ու ստուերի նուրբ խաղերով, ծայր աստիճան յարգանքով կը դիտէ հերոսները: Սարոյեանի ոսպնեակը իւրաքանչիւր տեսարան կը վերածէ տեսողական բանաստեղծութեան. տարեցներու դէմքերու խորունկ կնճիռները, պատերու մաշած գոյները, միջանցքներուն մէջ շրջող կատուներն ու ժամանակակից սպիտակ մարդամեքենայի հակադրութիւնը նկարահանուած են այնպիսի գեղագիտական նրբութեամբ, որ ժապաւէնը կը վերածուի շարժապատկերային բարձրարուեստ ցուցադրութեան:
Ժապաւէնին ամէնէն յուզիչ ու ազդեցիկ շերտերէն մէկը Արցախի հարցին եւ անոր ժողովուրդի տեղահանութեան արծարծումն է: Շարժանկարի արտադրողները խուսափած են աժան լոզունգներէ կամ ճնշող քարոզչութենէ. փոխարէնը` Արցախի ողբերգութիւնը ժապաւէնին մէջ կը թափանցէ շատ նուրբ, բայց` խորապէս ցաւոտ ձեւով: Լուրերը կը հնչեն ծերանոցի պատկերասփիւռէն եւ ձայնասփիւռէն` իբրեւ մնայուն ցաւի արտայայտութիւն: Այս ազգային ողբերգութիւնը կը մարմնաւորուի յիսնամեայ Գայեանէի կերպարով` կին մը, որ կը փորձէ վերադառնալ Արցախ` իր տունն ու կեանքը վերագտնելու համար, սակայն կը բախի շրջափակման, պատերազմին եւ բռնի տեղահանութեան` դարձեալ իբրեւ գաղթական վերադառնալով Նորքի ծերանոց: Գայեանէի լուռ վիշտը եւ ծերանոցի պատերէն ներս արձագանգող լուրերը շէյքսփիրեան ողբերգութիւնը կը վերածեն ապրուած, իրական հայկական իրականութեան:
«Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը ժապաւէն մըն է ծերութեան ու թատրոնի մասին, բայց նաեւ խոկում մը` կորսուած ժամանակի, մարդկային մենութեան եւ անկոտրում արժանապատուութեան շուրջ: Անիկա կը յիշեցնէ մեզի, որ նոյնիսկ ամէնէն մութ պահերուն արուեստն ու մարդկային կապը ունին բուժիչ ու վերապրեցնող զօրութիւն:
Առանց վարանելու կամ չափազանցութեան` «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը ժամանակակից հայկական շարժանկարի արուեստի ամէնէն կատարեալ ու տպաւորիչ գոհարներէն մէկն է. եթէ այս տարի միայն մէկ ժապաւէն դիտելու առիթ պիտի ունենաք, թող որ ըլլայ այս մէկը:
****
Outliving Shakespeare» արեւմտահայերէն կրնայ թարգմանուիլ` «Շէյքսփիրէն աւելի երկար ապրիլ»


