Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին. «Մոսկուան Եւրոպայի Հետ Աւելի Լաւ Յարաբերութիւններու Կը Ձգտի, Սակայն Պատրաստ Է Պատերազմի»

November 2, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան կ՛աջակցի եւրոպական երկիրներու հետ աւելի լաւ յարաբերութիւններ ունենալուն ուղղուած որեւէ քայլի: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` մեկնաբանելով Նորվեկիոյ եւ Ֆինլանտայի ղեկավարներուն հետ օրեր առաջ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը:

«Ինչպէս միշտ ըսած եմ, մենք կ՛աջակցինք եւրոպական երկիրներու հետ լիարժէք եւ պատշաճ յարաբերութիւններու վերականգնման ուղղուած որեւէ քայլի` կամ անոնց բոլորին հետ իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, կամ երկկողմանի մակարդակի վրայ: Խնդրեմ, ինչպէս անոնք կ՛ուզեն», յայտարարեց ան:

Փութին ըսաւ, որ Ռուսիան չ՛ուզեր Եւրոպայի հետ պատերազմիլ, սակայն պատրաստ է, եթէ նման անհրաժեշտութիւն ըլլայ: Քրեմլինի ղեկավարը նաեւ զգուշացուց, որ եթէ լարուածութիւնը չափազանց սրի, յաղթողներ պիտի չըլլան:

«(Եւրոպայի մէջ) շատերը կը խօսին մինչեւ 2030 թուական պատերազմի նախապատրաստուելու մասին: Արդեօք ատիկա ճի՞շդ է, թէ՞ սխալ: Նախ եւ առաջ, մենք պատրաստ ենք: Սակայն մենք Եւրոպայի հետ պատերազմ չենք ուզեր: Եթէ անոնցմէ ոեւէ մէկը ատիկա կ՛ուզէ, թող պատրաստուի», ըսաւ ան:

Քրեմլինի ղեկավարը նշեց, որ Եւրոպան տակաւին չէ հասած «Ռուսիոյ ռազմավարական պարտութիւն հասցնելու իր նպատակին, եւ քիչ հաւանական է, որ ատիկա եւս կարելի պիտի ըլլայ մինչեւ 2030 թուական»: «Եւ եթէ ամէն ինչ չափազանց հեռու երթայ, ընդհանրապէս յաղթողներ պիտի չըլլան: Թող ոչ ոք չմոռնայ ատոր մասին», զգուշացուց Ռուսիոյ նախագահը:

Փութին նաեւ ըսաւ, որ Մոսկուան չ՛ուզեր, որ Պալթիկ ծովուն մէջ ստեղծուի Հորմուզի նեղուցին մէջ ստեղծուած իրավիճակին նման իրավիճակ:

«Արդեօք ոեւէ մէկը կ՛ուզէ՞, որ Պալթեան ծովուն մէջ իրավիճակը նոյնը ըլլայ, ինչ որ Արաբական ծոցի մէջ կամ Հորմուզի նեղուցի մէջ: Ես չեմ գիտեր: Մենք այդ մէկը չենք ուզեր, սակայն որեւէ մարտահրաւէրի պիտի արձագանգենք», զգուշացուց Փութին:

Նախորդը

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.