Իսրայէլեան «Եաշար» կուսակցութեան ղեկավար Կատի Այզենքոթ իր առաջարկած համախոհական կառավարութեան միանալու համար առաջարկեց չորս սկզբունքները` նշելով, որ Քնեսեթի ոեւէ անդամ, որ այդ սկզբունքներուն համաձայնելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէ, «Իսրայէլի համար բարիք ըլլալիք» նոր կառավարութեան կազմութեան մէջ հաւանական գործընկեր կը նկատուի: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:
«Մեր կազմելիք կառավարութեան դուռը բաց պիտի ըլլայ որեւէ ընտրուած պաշտօնատարի առջեւ, որ այս սկզբունքները կ՛ընդունի եւ պատրաստ կ՛ըլլայ անհրաժեշտ պատասխանատուութեան մակարդակի վրայ ըլլալու», ըսաւ Այզենքոթ:
«Ճերուզալեմ Փոսթ» գրեց, թէ Այզենքոթի համախոհական կառավարութեան մէջ ոեւէ հաւանական գործընկերոջ համար նախապայմանը Իսրայէլը հրէական, ժողովրդավարական, ազատական եւ հաւասարութեան վրայ հիմնուած պետութիւն ճանչնալն է, «Անկախութեան փաստաթուղթ»-ի արժեհամակարգին յանձնառու ըլլալը, Իսրայէլի բոլոր քաղաքացիներուն զինուորական, ազգային կամ քաղաքային ծառայութեան պարտադրումը, Համաս շարժումը իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչնալը եւ անոր զինուորական կարողութեան ոչնչացման եւ Կազայի մէջ անոր իշխանութեան վերացման անհրաժեշտութիւնը ընդունիլը»:
Եոաֆ Իթիէլ եւ Աւի Սոլոմոն իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին վրայ գրեցին, թէ մինչեւ հիմա Միացեալ ցուցակը առաջինն էր, որ գրեթէ պաշտօնական կերպով յայտարարեց, թէ մտադիր է պարտադիր խորհրդակցութիւններու ընթացքին Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնին Այզենքոթը առաջադրելու, եւ գոյութիւն ունին գնահատումներ, թէ Արաբական միացեալ ցուցակը եւս նոյնպիսի կեցուածք մը պիտի որդեգրէ:
Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ յայտարարեց, թէ կուսակցութիւններու ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղէ` «նոր ընտրութիւններէ խուսափելու համար դրական տրամադրուած ըլլալ նորարարական գաղափարներու եւ լուծումներու նկատմամբ»:
Լաւատեղեակ պաշտօնատարներ, սակայն, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին յայտնեցին, որ Իսրայէլի գործող վարչապետ, Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու որոշած է ներկայ փուլին հրաժարիլ կառավարութեան կազմութեան փորձերէն եւ աշխատանք տանիլ նոր ընտրութիւններու կայացման համար:
Նեթանիահուին մօտիկ եղող պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ որոշումը տրուած է, երբ Նեթանիահու եզրակացուցած է, թէ իր մրցակից Կատի Այզենքոթ ազգային միասնութեան կառավարութեան մը միանալու համաձայն պիտի չըլլայ:


