Ուրբաթ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը Ճիւնիի Սանթրալի դաշտին վրայ տարեշրջանի իր 2-րդ մրցումը կատարեց: Մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ Սանթրալի` 90-75 արդիւնքով:
Առաջին երկու մասերուն աւելի լաւ խաղալէ ետք, ՀՄԸՄ 3-րդ մասի 2-րդ վայրկեանին 13 կէտերու առաւելութիւն ունէր, բայց ի վերջոյ պարտուեցաւ 90-75 արդիւնքով:
Չորեքշաբթի 4 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 21:45-ին, ՀՄԸՄ պիտի կատարէ իր 3-րդ մրցումը` Ղազիրի մէջ, փոխախոյեան Սաժեսի դէմ:


