Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ Վազգէն Թեւանեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան փոխախոյեան:
Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցող ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան 65 քկ կշիռի աւարտական մրցումին, Վազգէն Թեւանեան կը մրցէր ամերիկացի Պօ Պասեթի դէմ:
Թեւանեան, որ քառորդ աւարտականին կրցած էր յաղթել աշխարհի ախոյեան իրանցի Ռահման Մուսա Ամուզատիալիլիին, ապա կիսաւարտականին` պուլկար Շամիլ Ալիեւիչ Մամետովին, 9-1 արդիւնքով պարտուեցաւ եւ դարձաւ փոխախոյեան:


