Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած աւանդական քարաթէի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի մարզիկները կը շարունակեն մետալներ նուաճել:
Արթուր Ոսկանեան, Յովհաննէս Յակոբեան եւ Էրիք Յովսէփեան պրոնզ մետալներ շահեցան խմբային Քաթա մրցումներուն:
Արթուր Թունեան խմբային Քաթա մրցումներուն 2-րդ դիրքը գրաւեց` արծաթէ մետալակիր դառնալով:
Նշենք, որ Էրիք Յովսէփեան անհատական Քաթա մրցումներուն ալ պրոնզէ մետալ կրցած էր շահիլ:


