Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակին Բաշխումը Կատարուեցաւ

October 31, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանին, Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2026-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի բաշխումը կատարուեցաւ։

Սրբազան հօր կողքին երեկոյին ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան, Ուսումնական Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, Ազգ․ Առաջնորդարանի դիւանապետը, «Գանձասար»-ի խմբագիրը, հալէպահայ երեք վարժարաններու՝  Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր․ վարժարանի եւ Կրթասիրաց-Ս․Չէմպէրճեան Երկրդ․ վարժարանի տնօրէնները, խնամակալութեան եւ հոգաբարձական կազմի, կրթական մարմինի ներկայացուցիչներ, դաստիարակներ, մրցանակին արժանացող շրջանաւարտներն ու իրենց ծնողները եւ հրաւիրեալներ։

Բացման խօսքով Մարինա Պօղիկեան յայտնեց, որ քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան 9-րդ տարին ըլլալով կը շարունակէ քաջալերել հայ աշակերտները եւ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը շնորհել 12-րդ կարգի պետական քննութիւններուն հալէպահայ վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահոված հայ աշակերտներուն, մրցակցութեան առողջ մթնոլորտ ստեղծելով անոնց միջեւ։

Այս առիթով, ան շնորհաւորեց մրցանակակիր հայ աշակերտները, անոնց ծնողները, տնօրէններն ու կրթական մշակները այս ձեռքբերումին համար։ Ապա շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, որ անընդմիջաբար կը շարունակէ հայ ուսեալ տարրը քաջալերել եւ  յառաջ մղել, որպէսզի մեր ազգը հարստանայ պայծառ եւ գիտակից սերունդներով։

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան հետեւեալները՝

-Ազգ․ Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտ Ալիսիա Գասապեան ասմունքեց Վ․ Թէքէեանի «Պիտի Մոռնանք» քերթուածը։

-Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդր․ վարժարանի աշակերտ Յակոբ Գարղայեան ջութակի նուագով հրամցուց Ա. Խաչատուրեանի «Անտանթինօ»-ն։

-Կրթասիրաց-Ս․Չէմպէրճեան Երկրդ․ վարժարանի շրջանաւարտ Փաթիլ Գասարեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Բարձրացում» քերթուածը։

Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի խօսքը ընթերցեց Մարինա Պօղիկեանը։ Գույումճեան կը շեշտէր, որ արդի ճարտարագիտութեան եւ արհեստագիտութեան հետ քայլ պահելը այլեւս ընտրութիւն չէ, այլ մասնագիտական գոյատեւման եւ յաջողութեան միակ գրաւականը։ Ան իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն կ՚ըսէր․ «Ուսման ի՞նչ ճիւղի մէջ ալ ըլլաք, արդի ճարտարագիտութիւնը եւ AI-ը ձեր ամէնէն ուժեղ զէնքերը թող ըլլան։ Այս տարի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի հայրապետական հատուկ հռչակագրով, 2026 թուականը հռչակուած է «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»։ Ուստի, մեր երիտասարդութիւնը, ուսման ու արդի գիտութեան տիրապետելու կողքին, հարկ է որ ամուր պահէ մեր ազգային ու հոգեւոր արժէքները»։

Այնուհետեւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի ձեռամբ «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պարգեւատրուեցան հալէպահայ վարժարաններու բարձրագոյն նիշերը ապահոված հետեւեալ երեք շրջանաւարտները՝

1-Ալեքս Արամեան 2344/2400, Ազգ․ Քարէն Եփփէ ճեմարան

2- Գօգօ Խտրլարեան 2324/2400, Լազար Նաճարեան-Գ․ Կիւլպէնկեան Կեդր․ վարժարան

3- Փաթիլ Գասարեան 2289/2400, Կրթասիրաց Ս․Չէմպէրճեան Երկրդ․ վարժարան։

Այս առիթով մրցանակակիրները յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքն ու անկեղծ զգացումները արտայայտեցին: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց վարժարաններու տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն։ Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին բարերար Կիրակոս Գույումճեանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ իրենց ծնողներուն:

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ներկաներուն, յայտնելով, որ Մարդն է որ կ՚արժեւորէ իր ուսումը եւ ոչ թէ միայն վկայականը, ուստի կարեւոր է, որ բարձրագոյն ուսումը ծառայեցնել ե՛ւ անհատական վերելքին, ե՛ւ ազգին, ե՛ւ համայնքին։ Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այսօրուան շրջանաւարտները կ՚արտացոլացնեն իրենց ստացած դաստիարակութիւնն ու գիտակից ներկայութիւնը, որովհետեւ տարիներու ընթացքին աշխատանք տարուած է որ անոնց հոգին եւ միտքը կերտուին, տնօրէնները, ուսուցիչներն ու ծնողները քանդակի նման կոփած են զիրենք մարդկային եւ ազգային արժէքներով»։

Ապա գնահատեց բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ իր անձնական աշխատանքին կողքին կը հաւատայ գիր ու գրականութեան ու երիտասարդ ուսեալ սերունդի դերին եւ իր եկամուտէն բաժին կը հանէ հալէպահայ ուսեալ երիտասարդներուն, որպէսզի եկող սերունդները յառաջադէմ դառնան ու երիտասարդներուն մօտ ուսման բարձր ձգտումներու մրցակցութիւն մը ստեղծուի։ Սրբազան հայրը երկար կեանք եւ  յաջողութիւն մաղթեց Կիրակոս Գույումճեանին, որպէսզի շարունակէ իր նպաստը հայ երիտասարդութեան։

Այնուհետեւ Մակար սրբազան շնորհաւորեց հայկական վարժարանները, ծնողները եւ շրջանաւարտները, բարի երթ մաղթելով բոլորին։ Մրցանակաբաշխութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ» աղօթքով:

Հուսկ, յիշատակի լուսանկարներ առնուեցան եւ կոկիկ հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ։

KANTSASAR

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 31 Հոկտեմբեր 2026)

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.