Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հասած է Աթլանթա` մասնակցելու համար Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ռուսական կառավարական օդանաւը էջք կատարած է Ճորճիա նահանգի մայրաքաղաքի օդակայան:
Քսաններու խմբակի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի կ՛ունենայ 30-31 հոկտեմբերին: Ժողովին պիտի նախագահէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» կը նշէ, որ աշխարհի քսան մեծագոյն երկիրներու, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի բարձրաստիճան դիւանագէտները կը հանդիպին միջազգային անվտանգութեան ու առեւտուրին սպառնացող բազմաթիւ պատերազմներու եւ համաշխարհային ճգնաժամերու շուրջ տարակարծութիւններու պայմաններուն մէջ:
«Կը թուի, թէ քիչ հաւանական է, որ խմբակը համաձայնութեան գայ ամէնէն վիճայարոյց հարցերուն շուրջ: Անոնց շարքին են Ռուսիա-Ուքրանիա հակամարտութիւնը, Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ պատերազմը, Միացեալ Նահանգներու մաքսատուրքերը եւ Չինաստանի Հարաւչինական ծովու մէջ կատարած գործողութիւնները: Բոլորն ալ նպաստած են վառելանիւթի համաշխարհային գիներու կտրուկ աճին, ինչպէս նաեւ առեւտուրի վերաբերեալ անորոշութեան», կը գրէ գործակալութիւնը:
Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կարեւորագոյն իրադարձութիւն պիտի ըլլայ 14-15 դեկտեմբերին Մայամիի մէջ կայանալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովի նախապատրաստման գործին մէջ:
Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով ԹԱՍՍ-ին յայտնած էր, որ տակաւին որոշում չէ տրուած, թէ արդեօք նախագահ Վլատիմիր Փութինը անձամբ պիտի մասնակցի՞ Մայամիի մէջ տեղի ունենալիք Քսաններու խմբակի վեհաժողովին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ անպայման պիտի ուզէր Փութինը վեհաժողովին տեսնել:
Քսաններու խմբակի բարձրագոյն մակարդակի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մայամիի մօտ գտնուող Տորալ քաղաքին մէջ:


