. ԾՈՑԻ շրջանէն բարձրաստիճան դիւանագիտական աղբիւր մը «Տիար» օրաթերթին. «Թրամփ պաշտօնական խոստում տուաւ երաշխաւորելու հարաւային Լիբանանի հողերէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացումը, պայմանով որ Լիբանան ներքաշուի Աբրահամեան համաձայնութիւններու ուղին մէջ»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «արաբ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը լիբանանցի պաշտօնատարներուն փոխանցած է զգուշացում մը, թէ եթէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան նոր պատերազմ մը ծագի, աւելի ծանր պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով այն ցուցանիշերը, որոնք կ՛ահազանգեն, թէ յառաջիկայ փուլին պիտի արձանագրուի մագլցում մը, որուն տարողութիւնն ու սրութիւնը Լիբանանի մինչեւ հիմա տեսածէն աւելին է»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» տեղեկացած է, թէ արեւմտեան զեկուցում մը հաւանական կը նկատէ, թէ Ուաշինկթընի շրջանային ու միջազգային թղթածրարներով հետզհետէ աւելի զբաղուած դառնալը յանգեցնէ Լիբանանի նկատմամբ անոր հետաքրքրութեան նուազման, ինչ որ Լիբանանը կրնայ առանցքային պահու մը մէջ ձգել ամերիկեան աւելի սահմանափակ հովանաւորութեան պայմաններու մէջ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «ամերիկեան կողմին համար պահանջուածը հետաքննութիւններու եւ արդարադատական հետապնդումներու ամբողջացումով բաւարարուիլը չէ, այլ ձեռնարկել աւելի ընդարձակ քայլերու` կապուած զէնքի մենաշնորհին եւ այն ձեւին, թէ ապահովական ու դատական հաստատութիւնները ինչպէ՛ս կը վարուին Հըզպալլայի վերաբերող թղթածրարներուն հետ»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ բարձրաստիճան աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Շէյխ Քասեմի հրապարակած հաղորդագրութիւնը «ազգային միասնական կամքէն ակնյայտ շեղում մըն է եւ կատարուած իրողութիւն պարտադրելու ու Լիբանանին աւերէ բացի ոչինչ բերած արկածախնդրութիւններ հետապնդելու քաղաքականութեան շարունակութիւն»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Սկզբունքով եւ քաղաքական տրամաբանութենէն մղուած, այսօր չկայ երեսփոխան մը կամ խորհրդարանական պլոք մը, որ կը զօրակցի խորհրդարանի նստաշրջանը կրճատելով յաջորդ ամրան ընտրութիւններ կատարելուն. Անոնք չեն զօրակցիր զուտ եսասիրական պատճառներով, որոնք կապուած են գոյութիւն ունեցող սթաթիւս քոյի պահպանման»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Տահր Պայտարի պայթուցիկ նիւթերու գործին Արդարադատութեան խորհուրդին փոխանցման յետաձգումէն առաջ տեղի ունեցած հաղորդակցութիւնները ամերիկեան կողմին դժգոհութիւն պատճառեցին, մանաւանդ որ յանգեցան ներքին փոխըմբռնումի մը, որուն հիմամբ օրին որոշում մը չորդեգրուեցաւ»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին տեղեկութիւններուն համաձայն, «ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ հաւանական անուանացանկը կրնայ ներառել քաղաքական եւ ապահովական ներկայ ու նախկին պատասխանատուներ, որոնք Հըզպալլայի անմիջական շրջանակէն դուրս են, սակայն Ուաշինկթընի կարծիքով, նպաստած են խոչընդոտելու որոշումներ կամ քայլեր, որոնց գործադրութիւնը Ուաշինկթըն կը պահանջէ»:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ուաշինկթընէն եկող տեղեկութիւններ երեւան կը հանեն, թէ լիբանանցի դատաւորներու դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատուին տարբեր պատճառներով, որոնց շարքին` ապացուցուած փտածութիւն եւ Հըզպալլայի հետ գործակցութիւն»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Սահմանադրական խորհուրդի խորհրդարանի նախագահի Նեպիհ Պըրրիին ենթակայ անդամներուն համաներման օրինագիծին թեր չքուէարկելը վարչապետ Նաուաֆ Սալամի մօտ Պըրրիի նկատմամբ դժգոհութիւն յառաջացուց»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Ի յայտ եկաւ, թէ շարք մը երեսփոխաններ լրատուամիջոցներու ճամբով կ՛արծարծեն թղթածրարներ, որոնց վերաբերեալ իսկական տուեալներու չեն տիրապետեր, եւ պատասխանելէ փախուստ կու տան, երբ անոնցմէ կը պահանջուի փաստեր ներկայացնել»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Նախագահական հեղինակութիւն մը իր հանդիպումներուն ընթացքին` հակադարձելով լիբանանեան բանակը քննադատելու արշաւներուն կ՛ըսէ. «Ասոնք հասարակական կարծիքին կը բացայայտեն, թէ իրենց պատմութեան ընթացքին բանակին համար ինչ ըրին: Բանակը կարմիր գիծ է. առանց անոր երկիր չի մնար»:
. «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթ. «Ընթացիկ տուեալներով` Քլէյաաթի օդակայանին մէջ շինարարական եւ սարքաւորումներու աշխատանքները կ՛ընթանան սահմանուած ծրագիրին համաձայն, եւ աշխատանոցները կը գործեն իրենց առաւելագոյն հզօրութեամբ, անդադար եւ տարբեր մակարդակներու վրայ: Կապալառու ընկերութիւնը կ՛ուզէ աւարտին հասցնել աշխատանքները ճշդուած ժամկէտէն առաջ` առ ի պատրաստութիւն 15 նոյեմբերին առաջին քաղաքային օդանաւի թռիչքին»:
. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ». «Դէտերը կանգ առած են տնտեսութեան նախարար Ամեր Պսաթի յայտարարութեան վրայ, թէ Քաթարի ելեկտրականութեան ծրագիրը առեւտրական ներդրումային նախագիծ մըն է, որ մասամբ հիմնուած է նուիրատուութեան վրայ, եւ որուն իրականացումը տարիներ պիտի տեւէ, մինչդեռ աւելի արագ քայլերը կը վերաբերին արեւային եւ հովի ուժին եւ Սուրիոյ հետ ելեկտրականութեան գիծերու կառուցման` քաթարցիներուն օգնութեամբ»:
. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքին կը յայտնեն, որ փորձեր կը կատարուին վերջ տալու խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Հըզպալլայի միջեւ տարակարծութիւններուն, որոնց ակնարկած էր խորհրդարանի նախագահը, եւ Հըզպալլայէն պատուիրակութիւն մը առկախ հարցերու յստակացման ու յարաբերութեան կարգաւորման եւ վերականգնման համար Այն Թինէ պիտի այցելէ:
. ՀԱՅՐ Սամիր քահանայ Տաու Ժըպէյլ գաւառի Այն Ժրին գիւղի իր տան 2-րդ յարկին մէջ սպաննուած գտնուեցաւ: Անոր հետ կապը երէկ կէսօրուընէ ի վեր կտրուած էր:


